ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղադրուեցաւ մանրակերտ մը, որ կը ներկայացնէ Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը:
«Շուշին հայ ժողովրդի ազգային-ազատագրական պայքարների բոլոր ժամանակներում ունի առանձնայատուկ տեղ, թէկուզեւ նրա համար, որ բաւական երկար ժամանակահատուած յետոյ հայ ժողովրդին վերջապէս յաջողուեց իսկապէս ռազմաքաղաքական մեծագոյն յաղթանակ տանել: Դրանից յետոյ իսկապէս շրջադարձ եղաւ թէ՛ Արցախեան պատերազմում, թէ՛, ընդհանրապէս, մեր ժողովրդի հոգեբանութեան մէջ: Շուշին հիմքն էր մեր բոլոր առաջիկայ մեծ յաղթանակների եւ յաջողութիւնների», յայտնեց Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Թաթուլ Յարութիւնեան:
Ըստ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Անդրանիկ Ափոյեանի՝ Շուշիի ազատագրումը մեր յաղթանակներու եւ մեր ոգիի կայացման սկիզբն է:
«Սա մեծ յաղթանակ է ու մեր համախմբուածութեան միասնութեան խորհուրդը», նշեց Ափոյեան:
Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի՝ Շուշիի ազատագրումը Արցախեան ազատամարտի ամենացցուն յաղթանակն է եւ դարձած է ազատամարտի խորհրդանիշը:
«Ամէն անգամ, երբ Շուշի եմ գնում, տեսնում եմ նրա անառիկութիւնը, թագաւորական դիրքը եւ հպարտ հայեացքը, ամէն վայրկեան ուղեղիս մէջ է՝ ինչպէ՞ս էր հնարաւոր կազմակերպել Շուշիի ազատագրումը, բայց երկրորդ վայրկեանին ունեմ համոզումը, որ դա հնարաւոր դարձաւ մեր արդար կամքի, մեր հայրենիքին ու հողին նուիրուածութեան շնորհիւ», ըսաւ Գալստեան:
ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամ Տարօն Ղազարեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեան նպատակը Շուշիի ազատագրման գործընթացը մեր հանրութեան ներկայացնելն է: