Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը, իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, Սուրիոյ նախագահին եւ հանրապետութեան Միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դասպանատան աշխատակազմին կողմէ:
Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, որ հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան, առիթը ունեցած էր այցելելու նաեւ դեսպանատունը եւ մօտէն հետաքրքրուելու անոր կատարած աշխատանքներով:
Կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական հողին վրայ եւ բարձր գնահատեց դեսպանատան կատարած գործունէութիւնը, յատկապէս սուրիական տագնապի շրջանին Դամասկոսի դեսպանատան ու Հալէպի հիւպատոսարանին կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին նկատմամբ: Վեհափառը այս առիթով վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայկական դեսպանատուներուն աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ Դամասկոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ համայնքի անդամներու հետ: Ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, գնահատեց անոնց ամուր կառչածութիւնը իրենց տուներուն ու գործատեղիներուն՝ հակառակ երկրին մէջ տագնապալից օրերուն եւ կոչ ուղղեց համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ իրենց ներքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդելու: