ՖՐԵԶՆՕ.- Սանթա Քլարա համալսարանէն ընկերային հոգեբանութեան յայտնի մասնագէտ Ճերի Պըրկըրի հեղինակած՝ «The Shadows of 1915» («1915ի Ստուերները») հատորը արդէն իսկ հրապարակի վրայ է։
Ֆրեզնօ ծնած հեղինակին հատորին պատմութիւնը կը կեդրոնանայ Ֆրեզնօ ծնած եւ հասակ նետած հայ երիտասարդի մը եւ երիտասարդուհիի մը կեանքերուն վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան ծանր շուքին տակ։
Մօտաւորապէս 20 տարիներու աշխատանքի արգասիքը հանդիսացող այս գործով, Պըրկըր փափաքած է Ֆրեզնօ հաստատուած հայերուն եւ եւ ընդհանրապէս հայութեան վրայ Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը լուսարձակի տակ առնել իւրայատուկ ձեւով։
220 էջնոց հատորը լոյս տեսած է «Պլէյզինկ Սեֆայըր» հրատարակչատունէն, 13 Մայիսին։