ՇԱՔԷ ԶՕՊԵԱՆ
«Մուսա լեռ» միութեան կազմակերպած 2019ի մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մայիսին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի «Ճիւալիքեան» սրահին մէջ։
Վարչութեան տիկինները մեծ աշխատանք տարին սեղանները գեղեցիկ ծաղիկներով զարդարելով եւ մէկական վարդեր բաժնելով ներկայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն։
Սրահը լեցուն էր խանդավառ հայրենակիցներով։ Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց Նորա Չափարեան՝ օրուան պատշաճ եւ իմաստալից խօսքերով, ապա ան բեմ հրաւիրեց ատենապետ Վրէժ Գէորգեանը, որ շնորհաւորելէ ետք մայրերու օրը՝ վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան մասին խօսեցաւ եւ յայտագիրը սկսաւ։
Վարդուհի Թաշճեան ապրումով ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Մայրենի Լեզուն» ոտանաւորը։
Վրէժ Գէորգեան բեմ հրաւիրեց տիկիններ՝ Հերմինէ Գէորգեանը եւ Լիլի Ժամկոչեանը, որոնք երկար տարիներէ ի վեր Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած տօնակատարութիւններու ընթացքին, Շաբաթ օրերը, յետմիջօրէէն մինչեւ Կիրակի առաւօտ, անխոնջ եւ կամաւոր կ՛աշխատին հերիսայի պատրաստութեամբ։ Գնահատանքի խօսքէն ետք իւրաքանջիւրին նուիրուեցաւ իմաստալից գրութեամբ յուշատախտակ մը։
Շաքէ Զօպեան կարդաց մայրերու օրուան նուիրուած գրութիւն մը։
Մուսա լեռան աւանդական եւ պապենական «տհոլ ու զուռնա»ն պարի կանչեցին տարեցն ու երիտասարդը եւ օրուան DJ-ը իր նուագներով խանդավառեց ներկաները մինչեւ կէս գիշեր։
Երեկոյթը վերջ գտաւ մեծ յաջողութեամբ։
Քալիֆորնիոյ «Մուսա լեռ» միութեան վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին երեկոյթի յաջողութեան, մանաւանդ այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին միութիւնը։
Այս Էջերը Կը Հովանաւորէ
Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւնը