20 Մայիսին, Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ երկրամասի Լանտթակի պատգամաւոր Փեթեր Ֆիտա (Peter Vida), որ նոյն ժամանակ Պարնիմ մարզի ներգաղթեալներու հարցերու խորհուրդի նախագահն է, նախաձեռնած էր իր ընտրատարածքին՝ Պերնաու քաղաքին մէջ, Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը:
«Հայերն Այսօր»ին արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, թէ ձեռնարկին ընթացքին Փեթեր Ֆիտա հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ՝ անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան: Պատգամաւորը ներկայացուց իր կատարած ճամբորդութենէն լուսանկարներ, Արցախի զբօսաշրջութեան լայն հնարաւորութիւնները, հարուստ բնութիւնը եւ պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Այնուհետեւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն ներկայիս փուլին մասին խօսեցաւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, որ պատասխանեց նաեւ ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Պրանտենպուրկ երկրամասի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ: