«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կանոնադրութիւնը:
«Ասպարէզ»ին արդէն յայտնի է յանձնակատարի պաշտօնը վարելու հրաւիրուած անձին անունը: Կը սպասենք նշանակումի պաշտօնական յայտարարութեան, որ պիտի ըլլայ յառաջիկայ օրերուն:
Կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի կանոնադրութիւնը, զոր կրնաք ամբողջութեամբ կարդալ այցելելով՝
https://www.e-gov.am/u_files/file/decrees/varch/2019/06/668%D5%BE.pdf կայքէջը:
Կը ներկայացնենք այս գրասենեակին գործունէութիւնը կարգաւորող կանոնադրութեան հիմնական կէտերը.
Յանձնակատարը պիտի վերահսկէ այս գրասենեակի աշխատանքներուն եւ պիտի համակարգէ զանոնք: Ան հաշուետու պիտի ըլլայ վարչապետին:
Գրասենեակը կազմուած պիտի ըլլայ ղեկավարէ մը, անոր տեղեկալներով եւ հիմնական մասնագիտական կառուցուածքային ստորաբաժանումներով:
Գրասենեակը կը հետապնդէ չորս նպատակներ.
1.- Վարչապետի Սփիւռքի քաղաքականութեան եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովումը.
2.- Սփիւռքի յանձնակատարի աշխատանքներուն աջակցութիւն.
3.- Հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպման աջակցութիւն.
4.- Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ապահովում, կապերու ամրապնդում եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան ապահովում:
Գրասենեակի հարցերն են՝
1.- Սփիւռքի ներուժի թիրախային գնահատում, համահայկական ցանցի ստեղծում, գիտական եւ մասնագիտական հմտութիւններու եւ փորձառութեան գնահատման ու դասակարգման քարտէսագրում:
2.- Աջակցիլ հայրենադարձութեան եւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայութեան համարկման գործընթացին. մշակել համահայկական խնդիրներու լուծման գործին առաջարկներ՝ ազգային կառոյցներու դերակատարութեան բարձրացման վերաբերեալ։
3.- Աջակցիլ յանձնակատարին։
4.- Մշակել Հայաստան-Սփիւռք արդիւնաւէտ գործակցութեան կառոյց:
5.- Սփիւռքի համայնքային մասնագիտական եւ հասարակական կառոյցներու հետ մշակել համահայկական օրակարգ:
6.- Աջակցիլ հայապահպանման եւ հայ համայնքներու զարգացման համար բարենպաստ միջավայրի ստեղծման գործին:
Գրասենեակի հիմնական մասնագիտական ստորաբաժանումներն են.
1.- Եւրոպայի հայ համայնքի վարչութիւն
2.- Ամերիկայի հայ համայնքի վարչութիւն
3.- ԱՊՀի հայ համայնքներու վարչութիւն
4.- Մերձաւոր եւ Միջիան Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութիւն
5.- Մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու վարչութիւն
6.- Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութիւն
7.- Հայրենադարձութեան ծրագիրներու վարչութիւն
8.- Համահայկական ծրագիրներու վարչութիւն
9.- Սփիւռքի ներուժի հաշուառման եւ տեղեկատուական վերլուծութիւններու վարչութիւն
10.- Սփիւռքի մէջ տեղեկատուական ռազմավարութեան մշակման եւ իրականացման վարչութիւն:
Diaspora communities official representatives help solving problems faster,expenses paid by each community.
Զարեհ Սինանեա՞նն է: