«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Թիւերը սահմռկեցուցիչ են: Լոս Անճելըս գաւառին մէջ անտուն՝ փողոցներու կամ ինքնաշարժներու մէջ քնացող բնակիչներու թիւը աւելցած է 12 տոկոսով, հասնելով 59,000ի:
Լոս Անճելըս քաղաքին պատկերը աւելի ողբերգական է՝ անտուն բնակիչներու թիւը բարձրացած է 16 տոկոսով, հասնելով 36,300ի:
Կլենտէյլ քաղաքը, հաւանաբար ամէնէն բախտաւորն է: Այստեղ, 22 Յունուար 2019ին, անտուն բնակիչներու թիւը 243 էր՝ նախորդ հաշուարկէն (որ կատարուած էր մէկ տարի առաջ) 17 հոգի նուազ. Կլենտէյլի անտուն բնակիչներու թիւը նուազած է 6.5 տոկոսով: Ըստ վիճակագրական տեղեկութեանց՝ անցեալ տարի 46 ընտանիքներ անտուն դարձած են՝ գլխաւորաբար վարձքերու սղութեան, անգործութեան կամ անակնկալ հիւանդութեան պատճառով:
Եթէ մնանք Կլենտէյլի սահմաններուն մէջ, դժուար է պատկերացնել, թէ այս հարուստ քաղաքը, ուր ամէն օր երկինք կը բարձրանան նոր շէնքեր, որոնց հարեւանութեան մէջ, փողոցներուն վրայ, քուրջերու տակ պառկած մարդիկ ամօթի զգացումով պէտք է լեցնեն բոլորս: Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ ու թոյլատրել, որ նոյնիսկ մէկ հոգի կամ մէկ ընտանիք անտուն՝ փողոցին մէջ ապրի:
Նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ, որոշ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ կը փորձեն այս ցաւալի երեւոյթին լուծում տալ՝ նոր բնակարաններ կառուցելով յատուկ անտուն բնակիչներուն համար, որոնց մէկ կարեւոր տոկոսը այս երկրին բանակին ծառայած նախկին զինուորականներ են:
Լոս Անճելըս քաղաքին անցեալ տարի 619 միլիոն տոլար յատկացուցած է՝ անտուններու համար յարկաբաժիններ կառուցելու նպատակով: Բայց նորերը կու գան աւելի մեծ թիւով ու անկարելի կը դարձնեն մարդկային այս աղէտին վերացումը:
Անշուշտ գնահատելի է քաղաքացիներու գիտակից քայլը՝ յաւելեալ հարկային բեռով կամ քաղաքային բաժնեթուղթերու ճամբով միջոցներ ստեղծելու՝ դիմագրաւելու համար անտուն կեանք վարելու ճակատագիրին արժանացածներու տագնապը: Այսուհանդերձ, յստակ դարձած է, որ այսօրինակ միջամտութիւններով անկարելի պիտի ըլլայ լուծել այս խնդիրը: Անհրաժեշտ է հարցին ռազմավարական մօտեցում ցոյց տալ, առողջապահական ու անգործութեան ապահովագրութիւնները համապատասխան բարեփոխումներու ենթարկելով եւ զանոնք մատչելի դարձնելով բոլոր քաղաքացիներուն՝ անխտիր:
Ճիշդ է, անտուն բնակիչներուն մէկ կարեւոր տոկոսը այս երկրին բանակին ծառայած նախկին զինուորականներ են, որոնց անձնազոհութեան գիտակցութեան շնորհիւ է, որ մնացեալներս կը վայելենք մարդկային բազմապիսի ազատութիւններ: Այդ չգնահատուած ու անտուն դարձած հերոսներուն ի տես՝ պէտք է ամօթ զգան յատկապէս այն անհատները, որոնք այս երկրին համար առանց «քար քարի վրայ դրած» ըլլալու, կամ՝ մէկ սենթ տուրք վճարած ըլլալու՝ հանգիստ խղճով կ’օգտուին կառավարութեան տրամադրած բոլոր «օգնութիւններ»էն, յաճախ ալ անպատուելով այդ ակամայ անտուն դարձած նախկին բանակայինները: Ամօ՛թ: