ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 9 Յունիսին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Օշին աբղյ. Չուալերթանեանի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներէն տասնվեցը մաս կազմեցին հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասին: Դպրութեան կարգ ստացան 11 ժառանգաւորներ՝ Երուանդ Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Սարգիս Մարտիրոսեան, Գաբրիէլ Պետրոսեան, Աւետիս Պետրոսեան, Գէորգ Այվազեան, Գաբրիէլ Թահանեան, Մինաս Ճանսզեան, Խաչիկ Մարտիրոսեան, Քարլօ Մարտիրոսեան եւ Յովհաննէս Պայտունեան, իսկ կիսասարկաւագական կարգ ստացան հինգ ընծայարանականներ՝ Տեմիս Այվազեան, Հրակ Գալայճեան, Շանթ Գատեհճեան, Էմմանուէլ Սիրջանեան եւ Նարեկ Ֆիլիկեան:
Ձեռադրիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին: Խօսելով տօնի պատգամին ու վերնատան մէջ առաքեալներուն վրայ հանգչած կրակէ լեզուներու պատկերով Ս. Հոգիին մասին, հարց տուաւ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ օր առաքեալներուն եւ թէ ի՛նչ պէտք է պատահի այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ: Առ այդ, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ առաքեալներու հոգիներուն, սիրտերուն մաքրութեան եւ Ս. Հոգիով մկրտութեան շնորհին:
Սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը հետեւելու անոնց օրինակին եւ գօտեպնդուելու աստուածային իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ, որովհետեւ այսօր ամէն բանէ աւելի կարիքը ունինք առաքեալներուն նման խօսելու ճշմարտութիւնը: Վերջապէս, խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրուած դպիրներուն ու կիսասարկաւագներուն՝ սրբազանը ընդգծեց, որ այս տօնին առիթով ստացած իրենց ձեռնադրութիւնը պէտք է զիրենք մղէ Ս. Հոգիի նախանձախնդրութեամբ ու հեզութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին: Ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց՝ իր որդիական շնորհակալութիւնը յայտնելով վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով զինք, դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը՝ ձեռնադրութեան առիթով:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, դպրեվանքի տեսչութիւնը, նոր ձեռնադրուած դպիրները եւ կիսասարկաւագները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: