ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վարչապետին տիկինը՝ «Իմ Քայլը» եւ «City of smile-Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան 14 Յունիսին ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը եւ իր տիկինը՝ Սոնան, որոնց կ՛ընկերանար Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան:
Հանդիպման ընթացքին Զաւէն Խանճեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ ունեցած իր հանդիպումները եւ այդ հանդիպումներէն ստացած տպաւորութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին «Իմ Քայլը» եւ «Ժպիտների Քաղաք» հիմնադրամներու գործունէութիւնը եւ հիմնադրամներու ծրագիրներու ծիրին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: