ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկու երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոն ընթացքին մասին Կիրակի, 16 Յունիսին կատարուեցան տարբեր ակնարկութիւններ, տարբեր առիթներով, սակայն երկուքին հիմքն ալ եղաւ այն, որ եթէ այս երկիրներուն եւ Արցախի յարաբերութիւնը մնայ բնականոն, անիկա իր դրական անդրադարձը կ՛ունենայ տագնապի լուծման եւ շրջանի կայունութեան վրայ։
Արդարեւ, 17 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան նիստը, զոր վարեց Ազգային ժողովի նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Հերթական նիստին քննարկուեցան բարեկամութեան շրջանակի գործունէութեան ծրագիրներուն եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին օրերուն Արցախի հետ Ֆրանսայի որոշ քաղաքներու հետ համագործակցութեան հռչակագիրներու չեղարկման: Նիստին հրաւիրուած Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ներկայացուց այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Այնուհետեւ, նիստին մասնակցողները միտքեր փոխանակեցին եւ հանդէս եկան առաջարկներով:
Նիստի աւարտին, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի անդամները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Ափսոսանք յայտնելով Ֆրանսիայի վարչական դատարանների կողմից Վալանս, Բուրգ լէ Վալանս, Բուրգ դը Պէաժ, Առնուվիլ քաղաքների ու Արցախի Հանրապետութեան համայնքների միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագրերի չեղարկման առթիւ,
Ողջունելով նոյն քաղաքների քաղաքապետերի յայտարարութիւնները՝ շարունակելու եւ զարգացնելու հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ֆրանսիա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի անդամների՝ ֆրանսիական կառավարութեանն ուղղուած կոչը՝ չտրուելու ադրբեջանական ճնշումներին եւ պահպանելու անկողմնակալութիւն, «Արցախ-Ֆրանսիա» բարեկամութեան շրջանակը, բարձր է գնահատում Ֆրանսիայի բարեկամ ժողովրդի հետ տարբեր մակարդակներում համագործակցութիւնը՝ որպէս հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.), կրթական, մշակութային, սպորտի եւ տնտեսական ոլորտներում երկու ժողովուրդների միջեւ շփումների խթանման կարեւորագոյն միջոց:
Համոզուած է, որ Արցախի եւ Ֆրանսիայի բնակավայրերի միջեւ ապակենտրոնացուած համագործակցութիւնը լաւագոյնս է արտացոլում ժողովուրդների՝ հաւասարութեան եւ բարիդրացիութեան հիման վրայ յարաբերութիւններ զարգացնելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների ազատութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը:
Վերահաստատում է Արցախի եւ Ֆրանսիայի ժողովուրդների միջեւ համապարփակ համագործակցութեան զարգացմանը նպաստելու իր վճռականութիւնը:
Կոչ է անում Ֆրանսիայի հայկական համայնքին եւ ֆրանսիացի գործընկերներին՝ ակտիւօրէն (աշխուժօրէն-Խմբ.) շարունակելու աշխատանքները հաստատուած իրական համագործակցութիւնն ամրապնդելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ»:
Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան, պատասխանելով «Ապառաժ»ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի՝ 13 Յունիսին Քոնկրեսին մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որ անհրաժեշտ է վերացնել Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերուն Արցախ այցելելու արգելքը՝ ըսաւ, որ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող միւս երկու երկիրներուն հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական կապերու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ղարաբաղեան հակամարտութան վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման կարեւոր ներդրում կը դառնայ:
«Բարձր ենք գնահատում ԱՄՆ կոնգրեսական Ֆրենկ Փալոնի հետեւողական գործունէութիւնը՝ ուղղուած Արցախի եւ ԱՄՆի միջեւ ուղիղ կապերի հաստատմանը, ինչը, կարծում ենք, Արցախի մեկուսացման անընդունելիութեան մասին ազդանշան կը դառնայ», ըսաւ ան։