ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայ երիտասարդ արհեստավարժներու ամառնային տարեկան երկրորդ հաւաքոյթը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 20 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7-11, Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ (Hilton Pasadena 168 S. Los Robles Ave., Pasadena, CA 91101)։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է համագործակցութեամբ՝ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արհեստավարժներու ցանցի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ «Դէպի Հայք» եւ «Ներուժ» կազմակերպութիւններուն։
Մասնակցութեան սակը 10 տոլար է եւ այս տարուան ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայ-Ամերիկեան թանգարանին։ Տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել
www.armenianamericanmuseum.org/aypmixer կայքէջը։