ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային վարժարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսներու վերջինը՝ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի 8րդ կարգինն էր, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որուն կողքին էին՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Ճորճ Չորպաճեան եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ Սարգիս Ուրֆալեան:
Հանդիսութեան ընթացքին, շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութեան կողքին, տնօրէնութիւնը յատուկ գնահատանքի արժանացուց երեք հանգստեան կոչուող արժանաւոր կրթական մշակներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ նուիրումով ծառայած էին վարժարանին՝ փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան, ուսողութեան բաժանմունքի վարիչ Արշակ Գալուսեան, եւ հայերէնի ուսուցչուհի Արտա Սօսիկեան: Մեծարեալները ստացան գնահատագիրներ եւ յուշանուէրներ Խնամակալ մարմինէն, վարժարանէն, Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբէն:
Տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի խօսքէն ետք, առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց, շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ դաստիարակները։ Ան գնահատեց մեծարեալ կրթական մշակները:
Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան ընթերցեց օրհնութեան գիրը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Աշխէն Թագուհի»ի շքանշանով պատուեց Ռիթա Գաբրիէլեանը:
Առաջնորդ սրբազանը իր օրհնութեան գիրին մէջ կը գնահատէր մեծարեալը, որուն «եկեղեցանուէր ու հայակերտ նկարագիրին ու գործունէութեան զուգահեռ ուղիները եղած են Հայ եկեղեցին ու Հայ դպրոցը, որոնց նուիրած է իր աւելի քան չորս տասնամեակներու վաստակը»։ Առաջնորդը նաեւ իր օրհնութիւնները եւ շնորհաւորանքները փոխանցեց անոր եւ անոր ընտանիքին: