ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն վերաբերեալ:
Նաղդալեան ընդգծեց, որ Էլմար Մամետեարովի պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան, աւելցնելով, որ նման մօտեցում ապակառուցողական է եւ կ՛արժէզրկէ խաղաղ բանակցութեանց լրջութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթընի հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմին պատճառով սրած իրավիճակը հանդարտեցնելու կարելիութիւնները, ազդարարելով, որ ատրպէյճանական կողմին ապատեղեկատուութիւնը կը յանգեցնէ այն եզրակացութեան, որ Ատրպէյճան մտադրած չէ խաղաղութեան նպաստող միջավայր ստեղծելու մասին համանախագահներուն կոչերը եւ առաջարկները ընդունելու:
Ան քննադատեց յատկապէս Մամետեարովի այն պնդումը, որ բանակցութիւնները կարելի է շարունակել նոյնիսկ զինադադարի կանոնաւոր խախտումներու պայմաններուն տակ՝ աւելցնելով, որ նման մօտեցում լուրջ վնաս կը հասցնէ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն եւ կը խաթարէ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը։