ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ղեկավարուելով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 16րդ յօդուածի առաջին մասով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց որոշում մը, ըստ որուն, Կարէն Միրզոյեանը նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան:
Այս մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Կարէն Միրզոյեան Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարարն էր։