30 Յունիսին, Ճափոնի Քիոթօ քաղաքին մէջ բացուեցաւ 2018ին մահացած պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Անիկա բաց պիտի մնայ ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովի օրերուն, Քիոթօ քաղաքին մէջ գտնուող 800ամեայ պատմական Թոֆուքու-ճի տաճարին մէջ, կը տեղեկացնէ «Փանորամա»ն։
Քիոթօ քաղաքէն ետք ցուցահանդէսը Սեպտեմբերի վերջաւորութեան պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։
Յունուար 2020ին, Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Հռոմի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ:
Հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուեցաւ Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ: