ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 Յուլիսին ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը։
Նախագահը ողջունեց քաղաքապետին հայրենիք այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը նաեւ սփիւռքահայութեան տունն է: Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման պարունակին մէջ, նախագահը Արա Նաճարեանին առաջարկեց խորացնել քոյր քաղաքներու՝ Գիւմրիի ու Կապանի հետ համագործակցութիւնը: Ան յատկապէս ներկայացուց Գիւմրիի վերաբերող իր ծրագիրները՝ առաջարկելով Կլենտէյլի նուիրուած նախաձեռնութիւն կազմակերպել Գիւմրիի մէջ, իսկ Գիւմրիի՝ Կլենտէյլի մէջ։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահական նստավայրին մէջ կազմակերպել ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Կլենտէյլի մշակութային ժառանգութեան եւ բազմազանութեան:
Արա Նաճարեան իր կարգին, որ յաճախակի կերպով Հայաստան կ՛այցելէ, իսկ իւրաքանչիւր այցելութիւն նոր ուժ կու տայ իրեն։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդունելու նախագահին առաջարկները՝ նշելով, որ իր կարելիութիւններով պիտի ձգտի նպաստել անոնց իրագործման։
«(Նախագահը) պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահական նստավայրին մէջ կազմակերպել ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Կլենտէյլի մշակութային ժառանգութեան եւ բազմազանութեան»:
Ինչո՞ւ աւելորդ աշխատանք տանիլ: Հայաստանէն արտագաղթելով դէպի ԱՄՆ ճամբայ ելած մեր հայրենակիցները նախապէս քաջատեղեակ են թէ՛ Կլենտէյլի եւ թէ՛ Նորթ Հալիվուտի «մշակութային ժառանգութեան, բազմազանութեան», եւ այլ ամէնօրեայ ապրելակերպի միջոցներուն…: