ԼՈՆՏՈՆ, «Սքայ Նիուզ».- Իրան պիտի հակադարձէ Ճիպրալթարի մօտերը Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ իրանեան քարիւղատար նաւուն գրաւման, յայտարարեց Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի՝ շեշտելով, որ բրիտանական այդ քայլը բնականաբար «հետեւանքներ պիտի ունենայ»։
Միւս կողմէ, իրանեան «Թասնիմ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամմետ Պաքերի այս մասին յայտարարեց. «Իրանեան քարիւղատար նաւուն կալանաւորումը պիտի չմնայ առանց պատասխանի. անիկա պիտի ըլլայ ճիշդ վայրին մէջ եւ ճիշդ ժամանակին»:
Յիշեցնենք, որ բրիտանական իշխանութիւնները անցեալ Հինգշաբթի օր կասեցուցած էին քարիւղատար նաւը՝ պնդելով, որ անիկա հում քարիւղ կը փոխադրէր Սուրիա, խախտելով Սուրիոյ դէմ հաստատուած Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքեց Բրիտանիոյ եւ պահանջեց անմիջապէս վերջ տալ իրանեան նաւուն գրաւման, արարքը որակելով «ծովահէնութիւն»:
Մինչ այդ, ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» թերթը գրեց, թէ իրենց արարքով, բրիտանացիները կը փորձեն սուրիական բանակը ձգել առանց վառելանիւթի: Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով, ռազմական փորձագէտ Շամել Կարպիեւ թերթին յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ ժամանակը հասած է, որ Սուրիոյ վառելանիւթի շուկային մէջ Ռուսիան փոխարինէ Իրանը, որովհետեւ անհաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները Սուրիա ուղղուող ռուսական քարիւղատար նաւերը կալանաւորեն»: