Հայաստանէն 8ամեայ տաղանդաւոր փոքրիկ թաւջութակահարուհի Լիանա Ուլիխանեան, որ մասնակցեցաւ Աթէնքի համերգասրահին մէջ կազմակերպուած The Muse միջազգային մրցոյթին, որուն մաս կազմեցին աշխարհի զանազան երկիրներէ փոքրիկ երաժիշտներ, խլեց առաջնութիւնը:
Մրցումի առաջին փուլը տեղի ունեցաւ առցանց, անցեալ Ապրիլին: Երեւան ապրող մատղաշ արուեստագիտուհին համացանցի միջոցով նուագեց քննիչ մարմինին առջեւ եւ անցաւ յաջորդ փուլին:
Մրցումին վերջնական փուլը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 29 Յունիսին, Աթէնքի համերգասրահին մէջ, եւ իր բացառիկ տաղանդով՝ Լիանա Ուլիխանեան առաջնութիւն շահեցաւ ու նուաճեց մեծ թիւով մրցանակներ եւ նուէրներ:
Լիանա Ուլիխանեան ծնած է 2010ին: Ան կ՛ուսանի Երեւանի Չայքովսկիի անուան միջնակարգ մասնագիտական երաժշտական դպրոցին մէջ: Անոր ուսուցիչն է Արմինէ Աւետիսեան: Ան Թաւջութակի դասընթացքներու կը հետեւի 5 տարեկանէն ի վեր:
Լիանան համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի զանազան բեմերու վրայ։