ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի տուչութեան տարեկան չորրորդ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ:
«Օրորա» նախաձեռնութիւնը ամէն տարի մրցանակ կը շնորհէ այնպիսի անձերու, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են դժուար վիճակներու մէջ գտնուող մարդոց վրայ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով՝ իբրեւ երախտագիտութիւն զիրենք փրկողներուն: 2019ի հանդիսութեան ընթացքին այս տարուան թեկնածուներէն մէկը կը դառնայ դափնեկիր՝ 1 միլիոն տոլար պարգեւի միջոցով շարունակելով մարդասիրութեան շղթան եւ աջակցելով զայն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:
Այս տարի ձեռնարկը պիտի կատարուի նոր ձեւաչափով, որովհետեւ մրցանակի տուչութեան հիմնական արարողութենէն բացի պիտի տրուի Մարինեան թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբի բարեգործական համերգը՝ Վալերի Կերկիեւի ղեկավարութեամբ: Ռուս ականաւոր գեղարուեստական ղեկավար Վալերի Կերկիեւ Ս. Փեթերսպուրկի խմբավարութեան դպրոցի ամենավառ ներկայացուցիչներէն է, որ նաեւ քանի մը միջազգային հեղինակաւոր փառատօներու հիմնադիրն է եւ ղեկավարը: 1980ականներու սկիզբը ան աշխատած է Հայաստանի մէջ, ղեկավարելով Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը: 1988ին եղած է Մարինեան թատրոնի երաժշտական ղեկավարը, 1996էն՝ գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր տնօրէնը:
«Իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ յայտնում Վալերի Գերգիեւին եւ Մարինեան թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախմբին՝ «Օրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեանը մասնակցելու համար: Ուրախ եմ, որ Հոկտեմբերի 20ին Երեւանում մենք հնարաւորութիւն կ՛ունենանք ոչ միայն մեծարելու մերօրեայ հերոսներին՝ բացառիկ խիզախութեան եւ նուիրուածութեան համար, այլեւ արժանին մատուցելու երաժշտական հանճարին», ըսաւ «Օրորա»ի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
Մարինեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Վալերի Կերկիեւ իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան յատուկ երկիր է իրեն համար՝ ողջունելով «Օրորա» մրցանակը, որ հետաքրքրական ու արժէքաւոր գործունէութիւն կը տանի։ «Ես ուզում եմ ողջունել ու խրախուսել բոլոր անոնք, որոնք աւելի լաւ կեանք կը մաղթեն իրենց երեխաներուն եւ թոռներուն համար, աւելի համարձակ կերպով արտայայտել իրենց գաղափարները: Այսօր այս բոլորէն աւելի կարիք ունինք ճշմարտութիւնը ըսող մարդոց. անոնք են իսկական հերոսները, որոնք իսկապէս կրնան փոփոխութիւն կատարել: Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին՝ որեւէ միջոցով աջակցելու եւ մասնակցելու «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ձեռքբերումներուն», յայտնեց ան:
Այս տարի մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ֆորումի մը ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 14-21 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ։ Ֆորումը իր տեսակով առաջինն է տարածաշրջանին մէջ. անիկա կը միաւորէ աշխարհի ընկերային, գիտական, արհեստագիտական, կրթական եւ մարդասիրական նորարական փորձառութիւնը եւ առաջատար դէմքերը: Ֆորումը կարելի եղած է կազմակերպել հայկական եւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեամբ։