«ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Վրաստանի Կրօնի հարցերու գործակալութիւնը թոյլատրած է Սամցխէ-Ջաւախքի Տուրցխ, Կորխ, Օլաւերտ, Վաչիան, Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ կառուցման աշխատանքները: Այս փուլին, Ախալքալաքի քաղաքապետարանը նշեալ եկեղեցիներու նախագիծերը հաստատման ներկայացուցած է Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան:
Ըստ Սամցխէ-Ջաւախքի Կրօնի հարցերու գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլվարտ Զազաձէի՝ գործակալութիւնը արդէն արտօնած է Ախալքալաքի շրջանի Տուրցխ, Կորխ, Օլաւերտ եւ Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ Վաչիանի եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները:
Ախալքալաքի փոխքաղաքապետ Արմէն Մառանգոզեան նշեց, որ թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք, քաղաքապետարանը Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան հաստատման ներկայացուցած է Կորխ, Վաչիան եւ Օլաւերտ գիւղերու եկեղեցիներու վերականգնման եւ կառուցման նախագիծերը: Այժմ վերոնշեալ գիւղերուն մէջ կը սպասեն, որ Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութիւնը հաստատէ իրենց եկեղեցիներու վերակառուցման նախագիծերը, որպէսզի սկսին աշխատանքներուն:
Կորխ գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքները սկսած էին 10 Մայիսին, երբ գիւղացիները փորձած էին թոյլտուութիւն ստանալ եւ չէին ստացած զայն: Քանի մը տարի է անոնք գումար կը հաւաքեն եւ որոշած են այս տարի սկսիլ շինարարութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ պատերը արդէն քանդուած էին: Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութիւնը, տեղեկանալով առանց թոյլտուութեան վերականգնման մասին՝ նախազգուշացուցած էր, այնուհետեւ վարչական պատասխանատուութեան ենթարկած Իւրիկ Ծառուկեանը, որուն տուեալները գրուած է Կորխի բնակիչներու անունով Գործակալութեան ուղղուած նամակին մէջ: Այժմ աշխատանքները կանգ առած են: