ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան այցելեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակը, ուր դիմաւորուեցան գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ պաշտօնէութեան կողմէ։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայ Դատի կատարած հայանպաստ ջանքերը եւ համայնքային հարցերը։
Կողմերը նաեւ անդրադարձան մէկ օր առաջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութեան, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազաններուն եւ եկեղեցականաց դասուն կողմէ երգուած «Տէր Ողորմեա»ն դիւթած էր բոլորին հոգիները։
Առաջնորդ սրբազանը եւ տոքթ. Մանկիկեան Հայ Դատի աշխատակիցներուն յաջողութիւն մաղթեցին իրենց հայանուէր գործունէութեան մէջ։