ՕՆԹԱՐԻՕ, Քալիֆորնիա.- Յարօ եւ Ճորճ Տէր Գրիգորեաններու հիմնած «Պոճիքս Տիզայն» ընկերութեան վստահուած «Ֆորտ» ինքնաշարժի ընկերութեան 2019 «Մասթենկ»ին կրած յատկանշական կերպարափոխումը անգամ մը եւս դրուատիքի առարկայ դարձած է այդ ինքնաշարժի սիրահարներու յատուկ թերթերուն եւ համացանցային կայքերուն վրայ։
Արդարեւ, «Մասըլ Մասթենկզ էնտ Ֆեսթ Ֆորտզ» ամսաթերթի լրագրող Քեմ Պենթլի կը գրէ, թէ «Պոճիքս»ի պատրաստած կապոյտ «Մասթենկ Էս. 550»ը յաւելեալ ներքին եւ արտաքին գրաւչութիւն ստանալուն կողքին, աւելի արագ սուրալու կարելիութիւններով օժտուած է՝ շնորհիւ «ՓրօՉարճըր» կազմածին, որ շարժակին ուժը հասցուցած է 780 ձի ուժի։
«Յստակ է, որ (Յարօ) Տէր Գրիգորեան կը սիրէ սովորականէն հեռու նորութիւններ փորձել եւ այդ պատճառով է, որ անոր արտադրութիւնները, ստեղծագործական տեսանկիւնէն, բարձր արժէւորումներու կ՛արժանանան», կը գրէ Պենթլի՝ աւելցնելով. «Տէր Գրիգորեանի «Մասթենկ»ը ցոյց կու տայ, որ կարելի է հնարամտութեամբ եւ նորարարութեանց միատեղ օգտագործումով մէջտեղ բերել ինքնաշարժ մը, որ կրնայ նոյն ժամանակ շատ մը բաներ լաւապէս կատարել»։
Սովորաբար «Մասթենկ»ի վրայ իր աշխատանքով լուսարձակներ խլած Յարոյին գործերը գրաւած են ինքնաշարժներու նուիրուած թերթերու կողքերը եւ արժանացած են բազմաթիւ այլ մրցանակներու: Ան նաեւ ամէն տարի կը մասնակցի հազարաւոր ինքնաշարժի սիրահարներ համախմբող «Սեմա» ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին «Պոճիքս Տիզայն»ը բազմաթիւ մրցանակներ կրցած է խլել։
Նշենք, որ «Պոճիքս Տիզայն»ը հաստատուած է եղբայրներ Յարօ եւ Ճորճ Տէր Գրիգորեաններու ջանքերով: Ճորճ Տէր Գրիգորեան Ապրիլ 2012ին զոհ գացած էր գինով վարորդի մը պատճառած ինքնաշարժի արկածին, որմէ ետք Յարօն շարունակած է անոր աշխատանքը: Այդ պատճառով, «Պոճիքս»ի պատրաստած իւրաքանչիւր ինքնաշարժ կը կրէ՝ «Ճորճ Տէր Գրիգորեանի մատնահետքերով» ստորագրութիւնը։ Ընկերութեան հաստատման եւ գործունէութեան շարունակականութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի նաեւ Յարոյի եւ Ճորճի հայրը՝ Սահակ (Սեմ) Տէր Գրիգորեան, կը նշէ Քեմ Պենթլի։
(Քաղուած www.fordauthority.com եւ www.mustangandfords.com
կայքերէն)