ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ».- Պահպանողական «Turning Point USA» կազմակերպութեան կողմէ այս շաբաթ կազմակերպուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ուսանող գործիչներու հանդիպման ընթացքին, նախագահը հակադրողները կրցան բեմ հասցնել նախագահական կնիքին տարբերակը, որուն մէջ նախ ամերիկեան արծիւը վերածուած է ռուսական կնիքին երկգլխանի արծիւին, իսկ «Մէկը՝ բորորին մէջէն» լատիներէն լօզունգը վերածուած է՝ «45րդը (նախագահը, այսիքն՝ Թրամփը) խամաճիկ է», այսինք՝ Ռուսիոյ կամակատարը։ Նաեւ, արծիւը նետերու փոխարէն կը բռնէ կոլֆի ձողեր, նկատի ունենալով, որ այդ խաղը նախագահին նախընտրած ժամանցն է։
Յատկանշական է, «նորոգուած» կնիքը մաս կազմեց նախագահին իսկ տարածած տեսանիւթին մէջ։