ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական լրատուական կայքեր կը գրեն, որ «ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու» մեղադրանքով, 24 Յուլիսին, Կարսի մէջ ձերբակալուեցան քրտամէտ կուսակցութեան նախկին եւ այժմու 12 գործիչներ, որոնց մէջ է նաեւ Մուսթաֆա Էօզմեն, որ հայրն է Ումութ Ալիի, որ անցեալ տարի ապօրինի կերպով անցած էր Հայաստանի սահմանը։
Յիշեցնենք, որ Ումութ Ալի Էօզմեն Յուլիս 2018ին, Հայաստան-Թուրքիա սահմանը անցնելէ ետք ձերբակալուած էր Հայաստանի սահմանապահներուն կողմէ։ Ան մօտաւորապէս երկու ամիս պահուած էր Հայաստանի մէջ, ապա ազատ արձակուած ու վերադարձած էր Թուրքիա։
Հայաստան գտնուած օրերուն հայրը անոր այցելած էր։