ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Զարդերու արտադրութեամբ զբաղող «Alex and Ani» ընկերութեան հայ սեփականատէր Քերոլին Ռաֆայէլեան դատական հայց ներկայացուցած է «Bank of America» դրամատան դէմ, կը գրէ «Ֆորպզ» թերթը:
Նիւ Եորքի հարաւային շրջանի դաշնակցային դատարանին ներկայացուած հայցին մէջ, ընկերութեան ներկայացուցիչները 1.1 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցում կը պահանջեն՝ պնդելով, որ իր պարտատէրը հանդիսացող դրամատունը սեռային խտրականութիւն կը դրսեւորէ կին ղեկավարներ ունեցող ընկերութեան նկատմամբ, ինչ որ կը սպառնայ «Alex and Ani»ի գոյութեան:
Հայցին համաձայն՝ Դեկտեմբեր 2018ին, դրամատունը անհիմն կերպով յայտարարած էր, թէ ընկերութիւնը չէ վճարած իր 170 միլիոն տոլարի պարտքը եւ այնուհետեւ արգելափակած է 50 միլիոն տոլարի վարկային գիծը:
«Alex and Ani»ն պարտատիրոջ կը մեղադրէ հետեւեալ յանցանքներով՝ դրամատունը կը փափաքի ընկերութիւնը սնանկացման հասցնել, դրամատունը ընկերութենէն տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը գանձէ՝ իբրեւ յաւելեալ վճարումներ, ինչպէս նաեւ չի փափաքիր կանանց ղեկավար պաշտօններու վրայ տեսնել:
Յիշեցնենք, որ Քերոլին Ռաֆայէլեան «Ֆորպզ»ի հաշիւներուն հիման վրայ, 2019ի ամենահարուստ մարդոց ցանկին վրայ յայտնուած էր: Թերթը անոր հարստութիւնը մէկ միլիառ տոլարով կը գնահատէ: