ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համաշխարհային նորարական ցանկին վրայ 2019ին գրաւած է 64րդ դիրքը, որ նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ յառացած է 4 դիրքով:
Հայաստան միջինէն բարձր եկամուտ ունեցող 34 երկրներու շարքին 15րդն է: 2018ին, Հայաստան ներառնուած էր միջինէն ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու տասնեակին մէջ: Նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է «Մարդուժ եւ հետազօտութիւններ», «Հիմնարկութիւններ», «Ենթակառուցուածք», «Շուկայի կատարելագործուածութիւն», «Գիտելիքի եւ արհեստագիտական արտադրանք» յենասիւներով: Յատկանշական է դրական տեղաշարժը «ձեռնարկութիւն սկսելու դիւրինութիւնը», «Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց հասանելիութեան մակարդակը», «Գիտական եւ գիտարուեստական յօդուածներ», «ՀՆԱի աճի կշռոյթը», «Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ծառայութիւններու արտածումը», «Ազգային խաղարկային ֆիլմեր», «Առցանց ստեղծարարութիւն», «Ուիքիփետիայի խմբագրումները», «Արտօնագիրները՝ ըստ ծագումի», «Օգտակար մոտելները՝ ըստ ծագումի» ցուցանիշներով:
2019ի Համաշխարհային Նորարական ցանկի հաշուետուութիւնը ունի յստակ ուղղուածութիւն՝ առողջապահական նորարարութիւններ եւ կը վերլուծէ առողջապահական նորարական միջավայրը՝ դիտարկելով արհեստագիտական եւ ոչ-արհեստագիտական առողջապահական նորարարութիւններու դերը առողջապահական ծառայութիւններու մատուցման բարեփոխման տեսանկիւնէն: