ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Օգոստոսին Աւստրալիա գտնուող արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալին հետ:
Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատեց Արցախի պատուիրակութեան՝ Աւստրալիա աշխատանքային այցելութեան նախօրէին Ռայտի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունումը: Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ նման բանաձեւի ընդունումը հերթական վկայութիւնն է Արցախի ժողովուրդի ազատ եւ խաղաղ զարգացման ձգտման աջակցելու հարցով Ռայտի քաղաքային իշխանութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշման, զոր արտայայտած է տակաւին 22 Մայիս 2018ին Արցախի ժողովուրդի ազատագրական շարժման 30ամեակի առիթով բանաձեւի ընդունումով:
Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային կապերուն՝ Մասիս Մայիլեան նշեց, որ Արցախի եւ օտարերկրեայ քաղաքներու միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան հաստատումն ու զարգացումը Արցախի իշխանութիւններու առաջնահերթութիւններէն է, ինչ որ թոյլ կու տայ Արցախի համայնքներուն ու շրջաններուն ներգրաւուած ըլլալ միջազգային հոլովոյթներուն՝ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման, տարբեր ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակման ու մարդու իրաւունքներու խթանման նպատակով:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ ապակեդրոնացած համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր կը նկատուի նաեւ Արցախը մեկուսացնելու, անոր բնակիչները միջազգային համագործակցութեան առաւելութենէն զրկելու՝ Ատրպէյճանի չդադրող փորձերու խորապատկերին վրայ:
Իր կարգին, Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալ վերահաստատեց Ռայտի իշխանութիւններուն հաւատարմութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան ու ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու ձգտման աջակցելու հարցին:
Հանդիպումին ընթացքին Մասիս Մայիլեան Ժերոմ Լակսալին յանձնեց Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի շնորհակալագիրը, որուն մէջ քաղաքապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բանաձեւի ընդունման համար եւ հրաւիրեց Ժերոմ Լակսալը՝ այցելելու Ստեփանակերտ:
Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Ռայտի քաղաքային խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեան, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: