ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համահայկական հայագիտական 9րդ Ողիմպիականը 5 Օգոստոսին սկսաւ Աղուերանի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 11 Օգոստոս։
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան»ի անուան համերգասրահին մէջ:
Այս տարի ողիմպիականին կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն՝ Ռուսիա, Իրան, Վրաստան եւ Քուէյթ, 80 ներկայացուցիչներ:
Բացի հիմնական՝ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ հայ մշակոյթի պատմութեան մրցումներէն, տեղի պիտի ունենան նաեւ հայկական երգի եւ պարի նախասիրական յաւելեալ մրցումներ։ Մրցումին մասնակիցները 14-18 տարեկան հայագիտութեան անհրաժեշտ իմացութիւն ունեցող հայկական կրթօճախներու սաներն են:
15 տարեկան Միլենա Յովէյեանը, որ Տիւմենէն եկած է մասնակցելու ողիմպիականին, լրագրողներուն հետ զրուցելով յոյս յայտնեց, որ ամէն ինչ շատ լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ինք ամբողջ ամառը պատրաստուած է։ «Տիւմենի հայկական դպրոցի ուսուցիչները մեզ շատ են օգնել, որպէսզի պատրաստուենք: Պարապելիս շեշտը դրուել է հայոց լեզու եւ պատմութիւն առարկաների վրայ: Անկեղծ ասած՝ ինձ համար աւելի կարեւոր է օլիմպիադային մասնակցելը, քան յաղթելը, քանի որ սա փորձ է եւ առիթ՝ գիտելիքներդ լրացնելու», նշեց Միլենան:
Ըստ անոր՝ հակառակ անոր որ մայրը հայոց պատմութեան մասին պարբերաբար խօսած է, սակայն այս մրցումին պատրաստուելու ընթացքին աւելի խորքային գիտելիքներ ձեռք բերած է։
16ամեայ Շահան Այնթապլեանը Քուէյթէն եկած է Հայաստան. անոր հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչները օժանդակած են, որ լաւապէս պատրաստուի։ «Կ՛ուզէի հայոց պատմութեան մասին աւելի շատ բաներ գիտնալ, այդ պատճառով ալ շատ հետեւողական աշխատանք տարի: Ողիմպիականը առիթ էր հայոց պատմութեան գիտելիքներս համալրելու», ըսաւ ան: Ան նշեց, որ 5 հոգիով եկած են Հայաստան այս ողիմպիականին մասնակցելու։
Համահայկական ողիմպիականին մասնակցութեան կարելիութիւն ունին նաեւ այն պատանիները, որոնք չեն տիրապետեր հայերէնին, բայց ունին բաւարար գիտելիքներ հայոց պատմութենէն եւ մշակոյթէն։
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Կարէն Մնացականեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ասիկա աւանդական ողիմպիական չէ, եւ աւելի կարեւոր է աշակերտներուն մասնակցութիւնը, եւ ոչ՝ յաղթանակը:
«Այս մրցոյթին միջոցով փորձում ենք այնպէս անել, որպէսզի արտասահմանում ապրող հայազգի աշակերտներն աւելի լաւ ճանաչեն հայոց լեզուն, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը», նշեց Մնացականեան:
Ծրագիրին մասնակիցները պիտի այցելեն Սեւանի ազգային պարկ, Սեւանավանք, անոնց համար պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ՝ հայաստանեան պեղումներուն վերաբերեալ: Նախատեսուած են այցելութիւն Կոմիտասի թանգարան, կրթական ծրագիր՝ երգի եւ պարի ուսուցում, ժամանցային միջոցառումներ: