ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 7 Օգոստոսին ընդունեց «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» ԱՌԻ («Artsakh Roots Investment-ARI») ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանն ու Վաչէ Մելքոնեանը:
Քննարկուեցան Քաշաթաղի շր-ջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ («Առիաւան թաղամաս») տասներկու եւ Շահումեանի Քարվաճառ քաղաքին մէջ («Սիտնի թաղամաս») տասնհինգ տուներ կառուցելու ծրագիրին առնչուող հարցեր: Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ընկերային տարբեր խումբերու համար նախատեսուած բնակարանները մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլան գործածութեան։
Այնուհետեւ Գրիգորի Մարտիրոսեան Արցախի կառավարութեան անունով ԱՌԻ ընկերութեան հետ ստորագրեց համաձայնագիր՝ ազդարարելով Աղաւնոյ համայնքին մէջ դպրոցական շէնքի շինարարութեան մեկնարկը: Պետական նախարարը բարձր գնահատեց ընկերութեան աջակցութիւնը Արցախի մէջ վերաբնակեցման գործընթացին՝ ընդգծելով Սփիւռքի հետ փոխշահաւէտ ծրագիրներու հետեւողական իրագործումն ու ընդլայնումը: