
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր չափազանցուած եւ անհիմն պնդումներով ու մասամբ կամ ամբողջութեամբ սուտ հաստատումներով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու պատմութեան մէջ, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին մրցանիշ հաստատած նախագահ Տանըլտ Թրամփ (միայն անցեալ շաբթուան սուտերուն թիւը 56 էր, ինչ որ բարելաւում մըն է նախորդ երկու շաբաթներուն տուեալներուն՝ 78ին եւ 61ին հետ համեմատած) հաւանաբար չէր գիտեր կամ չէր ուզեր գիտնալ, որ սուտերը յաճախ սուր ակռաներով կրնան հակադարձել եւ վնաս հասցնել իրենց՝ աշխարհին առջեւ ամօթի առարկայ դարձուցած անձերուն։
Արդարեւ, երբ Փետրուարին Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած «Միութեան վիճակը» խօսքին մէջ նախագահը 21րդ դարու գաղթականական հարցերը լուծելու համար իր առաջադրած միջնադարեան լուծումին՝ սահմանային պատին ծրագիրը կը պաշտպանէր (որուն յետին նպատակը ոչ թէ ամերիկացի աշխատաւորին բարօրութիւնը կամ սահմանային ապահովութիւնն է, այլ իրեն կուռօրէն հաւատարիմ մնացողներուն քուէներուն պահպանումն է), Թրամփ դարձեալ արձանագրուած փաստերու դէմ արտայայտուելով՝ պնդեց, թէ Թեքսասի սահմանային Էլ Փասօ քաղաքին մէջ ոճրագործութիւնը սանձարձակ վիճակի հասած էր, մինչեւ սահմանային պատի մը կառուցումը, որմէ ետք կայունութիւն հաստատուած էր։
Ահա այդ կայունութիւնն էր, որ 22 նոր զոհերով փշրուեցաւ, երբ ոչ թէ սահմանին հարաւէն, այլ հիւսիսէն մարդասպան մը հոն հասաւ, փշրելով սահմանային պատերու ամենակարողութեան շուրջ Թրամփի շինած հեքիաթը։
Ոճրագործը, որուն ուղեղը (հիւանդ կամ ոչ, չենք գիտեր) այնքան աղտոտած էր Թրամփի եւ անոր գաղափարակից ազգայնամոլներու ատելավառ եւ հակագաղթականական պնդումներով, նոյնիսկ 10 ժամ ինքնաշարժով քշելու «քաջութիւնը» յանձն առած էր, հասնելու համար Մեքսիքայի սահմանին վրայ գտնուող այդ քաղաքը, մեծամասնութեամբ սպանախօսներով բնակեցուած այդ շրջանը հասցնելով իր այլամերժ եւ մահաբեր պատգամը։
Վերադառնալով նախագահին սուտերուն, նշենք, որ ան այս շաբաթ առիթ ունէր անոնց թիւը ուռճացնելու, երբ փորձեց ազգայնամոլութիւնը դատապարտել զանգուածային վերջին ոճիրներէն ետք. սակայն ան կորսնցուց այդ առիթը, երբ յայտարարելու փոխարէն, թէ ի՛նք կը դատապարտէ ազգայնամոլութիւնը եւ սպիտակամորթներու գերակայութեան բարդոյթը, պարզապէս ըսաւ, որ նման գաղափարաբանութիւններ տեղ չունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէսզի շատ չնեղացնէ իր համակիրները։
This kind of offensive and provocative articles should not be published in Asbarez.