ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Օգոստոսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնեցին, թէ հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուեցան հայրենիք-Սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: