ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ նշանակուած է Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի նոր կազմը՝ անդամակցութեամբ հետեւեալ ազգայիններուն. Լիզա Կապուտեան, դոկտ. Յասմիկ Պարան, իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան, իրաւաբան Ազիդա Աւետիսեան Եագուպեան, իրաւաբան Սիլվա Կիրակոսեան, Արմինէ Ալեքսան Փափազեան, Անոյշ Չալեան, Փաթիլ Աբոշեան Գասպարեան, Թամար Պապուճեան, Շաքէ Աւագեան եւ Արլին Մուրատեան Զէնեան։
«Յաջողութիւն կը մաղթենք նոր կազմին՝ մեր նորահաս սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան ու Ազգային վարժարաններու բարգաւաճման առաքելութեան մէջ», նշուած է առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ: