ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքը արտակարգօրէն տաք ամառ մը կ՛անցընէ այս տարի:
Թէեւ պաշտօնապէս ամառնային արձակուրդի մէջ է կառավարութիւնը, այդուհանդերձ համացանցով անվերջ մագլցում կ՛արձանագրէ քարոզչական պատերազմը՝ ընդդէմ եւ ի նպաստ Նիկոլ Փաշինեանի…
Ուղղակի ցեխարձակման յանգած քարոզչական այդ բանակռիւը կրնար հաճելի քաղաքական ժամանցի առիթ ընծայել ամբողջ իրարանցումին ակամայ հանդիսատես եղողներուն, եթէ ի վերջոյ վերնախաւային այդ մոլեգնումին գինը վճարողները ըլլային իրե՛նք՝ վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութեան հաշուոյն յղփացած հին ու նորելուկ մակաբոյծներն ու ցեցերը:
Ողբերգութիւնը այն է, որ միայն երեւութապէս Փաշինեանի դէմ կամ թեր է մղուող քարոզչական կռիւը: Ամբողջ հրմշտուքին միակ զոհը պարզ հայ մարդն է, որ ընտանիք, տուն եւ հայրենիք պահելու համար ահա երեսուն տարիէ ի վեր պանդուխտի ցուպը ձեռին՝ կը թափառի աշխարհով մէկ, որպէսզի ի հարկին սեփական թանկագինը զոհաբերելու գնով կարենայ հաց եւ լոյս հասցնել Հայաստան:
Եւ զոհ է ինչպէ՞ս…
Պարզապէս որովհետեւ ան՝ նոյնինքն պարզ ու շարքային հայը համարձակեցաւ ԲՈՂՈՔի քայլ նետելու, միասնական շարքերով ոտքի կանգնելու, համաժողովրդական շարժման բռունցք ցոյց տալու եւ իշխանազրկելու… Սերժ Սարգսեանը: Եւ ահա այսօրուան ամբողջ քարոզչակռիւին բուն թիրախը սպաննելն է պարզ ու շարքային հայ մարդուն մէջ բարձրահասակ կանգնած քաղաքացիական ինքնավստահութիւնը:
Եւ սպաննել ինչպէ՞ս…
Պարզապէս կրծելով եւ բզիկ-բզիկ վատնելով թաւշեայ յեղափոխութեան հաւատալու պարզ ու շարքային հայ մարդուն ոգեղէն պաշարը:
Աւելի քան երեսուն տարի վարչախմբային բռնակալութեան թունաւոր, այլեւ մահացու բաժակը ցմրուր ճաշակած եւ այնուամենայնիւ ամէն կարգի ճնշումներէ վերականգնած պարզ ու շարքային քաղաքացիին, վստահաբար, չեն կրնար ընկճել այսօրինակ քարոզչական բանակռիւները:
Այդ առումով անհնարին է նոր Հայաստանի արմատաւորման երթը խոչընդոտել, որովհետեւ Փաշինեանով կամ առանց Փաշինեանի՝ վնասակար տարրերու եւ ցեցերու առջեւ մեր ժողովուրդը փակած է վերադարձի ամէն դուռ:
Խորքին մէջ այդ երթը տակաւին կը շարունակէ իր թափը՝ նոյնինքն Փաշինեանով, որ փտած եւ կործանարար հինին դէմ իր կողքին եւ ետին ունի շատ աւելի արմատական ու կտրուկ քայլեր պահանջող ժողովուրդ:
Հայաստանի հետ ամբողջ հայութիւնը բնական անձկութեամբ, նաեւ նողկանքով կը հետեւի գռեհկացման սահմանները գլած-անցած ներքաղաքական քարոզչական պատերազմին:
– «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» պատգամին դէմ քարոզչական արշաւ կը սկսի՝ իբր թէ Ատրպէյճանին ձեռքը յաղթաթուղթ չտալու «նախանձախնդրութեամբ»…
– Վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութեան ամբողջ շէնքը սոսկ կեղեւի վերածուած է‘ ծածկելու համար մինչեւ արմատները թափանցած կոռուպցիան իմաստով ահազանգին կ՛արձագանգեն՝ Ատրպէյճանին աւելի լաւ նուէր կարելի չէր տալ… կոկորդիլոսի արցունքներով:
– Կտուրներէն ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Արցախի հերոսները կարելի չէ կալանքի տակ պահել կամ՝ անոնց հասցէին հարցականներ հնչեցնել, ի՛նչ որ ալ ըլլայ եւ որքան ալ հիմնաւոր ըլլան անոնց դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնն ու մեղադրանքները:
Շարքը երկարելու կարիքը չկայ, որովհետեւ համացանցի այս դարուն ամէն ինչ բաց է ու հասանելի ամէն մարդու համար:
Եւ եթէ մեր ժողովուրդի հաշուոյն կարելի է հանգիստ մնալ, որ ապակողմնորոշման ու ապատեղեկատուութեան տղմուտ ջուրերը շատ հեռու չեն կրնար երթալ, միեւնոյն հանգստութիւնը դժուար է ունենալ չորրորդ իշխանութեան՝ մամուլի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն սպառնացող վտանգին հաշուոյն:
Ցեխարձակումով սնանող այսօրինակ քարոզչական բանակռիւներու մէջ ուղղակի մահուան կը դատապարտուի առաջնորդող միտքի եւ ուղի հարթող խօսքի անփոխարինելի արժէքը:
Դանակը հասած է ոսկորին եւ ուշի մնացած ենք արդէն ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու չորրորդ իշխանութեան… գերեզմանափորները՝ քաղաքական ի՛նչ ճամբարի մէջ ալ ծուարած ըլլան անոնք:
Նախ ուրախ եմ այս ոճով գրութեան համար: Ցաւալի իրականութիւն է, որ սկսեալ Լևոն Պետրոսեանի ժամանակաշրջանից, մինչև Րոբերտ Քոչարեան ու Սերժ Սարգսեանական համակարգի մէջ բոլոր պաշտօնեայ, կամ ինչ որ աշխատանք ունեցող այրերը անխտիր Սովետից սերուած ու արմատաւորուած փտածութեամբ են տառապում, սկսեալ գիւղապետերից, մինչև սահմանագծի պաշտօնեաներն ու բնական անտառների սեփականաշնորհները: Նրանց համար հանգիստ քուն չկայ եթէ մի օր, մի ժամ չը մտածեն թէ ինչպիսի խարդախ ճանապարհով կարող են բզկտեն երկիրը կամ պետութեան հաշուին հաւելեալ եկամուտ ստեղծեն իրենց համար: Իսկ կը կարծենք այդ փտածութիւնը վերացնելը մէկ հոգու կամ մէկ, երկու, երեք տարուայ գործ է: Ով որ այդ զանգը կախելու քաջութիւնն ու համարձակութիւնն ունի, թող ոտք առաջ դնի: Եթէ ժողովուրդը ցանկութիւնը ունի օգնելու թող նախ ինքնամաքրուի, բայց շատ լաւ գիտենք որ փտածութեան սարդի ոստայնը շատ աւելի ամուր և խորն է տարածուած Հայաստանում քան մէկը կարող է պատկերացնել: Այդ փտածութեան ոստայնն է, որ չորրորդ իշխանութեան համացանցով ու տարբեր դիմագծերով պայքարում է Փաշինեան անձի դէմ և փոձում է ձախողեցնել նոր Հայաստանի ձևաւորման: Շինիչ քննադատութիւնը այլ բան է, իսկ ցեխարձակումը բոլորովին այլ բան:
ՆՊին աս գրութիւնը շատ լաւ կողմէն մօտեցեր է Հայաստանի իրականութիւններուն: Ճիշտ է որ Նիկոլը հիներուն տուն ղրկեց, որպէսի երկիրին մէջ գողութիւնը եւ որոշ մարդոց մեծ շահերը վերջանան, ժողովուրդը ազատուի իրեն կողոպտողներէն, գողերուն ձեռքը կտրուի: Ասի եղածին լաւ կողմն է եւ մէկը ասոր դէմ բան մը չի կրնար ըսել, եթէ ըսէ, ուրեմն կուզէ, որ հիները գան եւ ատ ձեւը շարունակուի: Նայինք դրամին միւս կողմն ալ: Եթէ հիները տուն ղրկես, անոնց ըրածներուն պէս սխալ բաներ պէտք չէ ընես: Եթէ հիմակուայ եղածներուն երկու աչքով նայինք, կը տեսնենք, որ նորերն ալ սխալներ կընեն եւ անոր մէջ հիներուն փնտրելը ճիշդ չէ: Քանի մը օրինակ տամ: Երեւանի մէջ քանի մը ամիսէ աղբի հարցը չի լուծուիր եւ երէկ ալ շօի նիւթ եղաւ վարչապետին եւ իր դերասան քաղաքապետին կողմէ: Մեզի կը համոզեն, որ սանիթէք ընկերութիւնը յանցաւոր է. ինչու գլուխը չեն կտրեր. պէտք որ որ հիւանդութիւններ ըլլա՞ն, որ մէկը բան մը ընէ: Յետոյ, Մարտի մէկին համար մէկուն բռնեցին, մեծ աղմուկով բանտը դրին, քննութիւն ըրին, օր մըն ալ մարդուն սուուբուս տուն ղրկեցին, երբոր յայտնի եղաւ որ բան ինքը յանցաւոր չէ եղեր: Սխալդ ընդունիլն ալ լաջութիւն կուզէ: Վարչապետը խօստացաւ որ ամէն բան բացէն պիտի ընէ, հիմա բացէն դուրիստ կը պտըտցնէ: Ամմէն գործերը վերջացա՞ն եւ ուրիշ գործ չունի՞:Ես չեմ ըսեր որ Քոչարեանը յանցաւոր է կամ յանցաւոր չէ. թող լման դատեն եւ եթէ յանցաւոր է, անոր ալ գլուխը կտրեն. բայց ինչ ըրին: Դատավարութեան ժամանակ բաստաբաններուն խօսք չիտուին եւ մարդուն բանտը դրած են. վաղը եւրոպացիները ասոր ալ պիտի միջամտեն եւ աշխարհին առջեւ խաղալիք պիտի ըլլանք: Ուրիշները ասանկ առիթի կըսպասեն. տես ինչ ըրաւ ՊԻՊԻՍԻի յօդուածը գրողը: Բան մը նետեց եւ Հայաստանը տակն ու վրայ եղաւ: Մէկը ասոր յանցաւորը պիտի փնտրէ եւ հաշիւ պիտի պահանջէ՞: Ըսել կուզեմ, որ Հայաստանի մէջ եղող սխալ բաներուն համար միայն հիներուն վրայ յանցանք գտնելը չիբաւեր, պէտք է անոնց պէս սխալեր չընես: Հիմա, «չորրորդ իշխանութեան» գերեզմանը բորողներուն մէջ նորերն ալ կան, իրենց ծառին իրենց ձեռքով վնաս կուտան: Պէտք չէ մեր աչքը ասոնց դիմաց գոցենք եւ ըսենք, որ մէկ տարիէն բան մը չի փոխուիր: