ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած զինուոր Արայիկ Ղազարեանի իրաւունքներու երաշխաւորման հարցով, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մէյթրոյի հետ։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն տակաւին չէ տեսակցած Արայիկ Ղազարեանի հետ, սակայն ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կապի մէջ է նաեւ Արայիկ Ղազարեանի ընտանիքի անդամներուն հետ։
Զինուորին իրաւունքներու երաշխաւորման, նաեւ՝ առողջական վիճակին կապուած հարցերով Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան պիտի դիմէ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն։
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակէն եւս «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ կոմիտէն ներգրաւուած է գաղտնի երկկողմանի երկխօսութեան մէջ՝ համապատասխան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: