ԵՐԵՒԱՆ, «Ֆաքթոր».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի մէջ ունեցած իր վերջին ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ 2019ի առաջին 6 ամիսներուն՝ շարք մը երկիրներէ Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն թիւը տպաւորիչ աճ արձանագրած է, եւ զբօսաշրջիկները աւելի քան 120 միլիոն տոլար ծախսած են։
Այս յայտարարութեան լոյսին տակ ամէնէն քննարկուող նիւթերէն եղաւ այն, որ իրատեսակա՞ն է յուսալ, որ 2050ին 15 միլիոն զբօսաշրջիկ պիտի գայ Հայաստան, երբ Հայաստանի մէջ վերջին 5 տարիներուն ընթացքին զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած է ընդամէնը 270 հազարով։
Մասնագէտներու կարծիքով՝ Հայաստանի ներկայ պայմանները թոյլ չեն տար այցելուներու նման ունենալ, իսկ հանրութեան մէկ մասն ալ լիայոյս է, որ ճիշդ ու արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն ունենալու պարագային 15 միլիոն զբօսաշրջիկ ունենալը կրնայ անկարելի չըլլալ:
«Ֆաքթոր»ը կարգ մը տուեալներ կը հրապարակէ այս նիւթի վերաբերեալ. 2019 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած է 770,055 զբօսաշրջիկներ՝ 84 հազարով աւելի, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին: Վերջին 10 տարուան հետ բաղդատելով՝ այցելուներուն թիւը աւելցած է աւելի քան կէս միլիոնով: 2009ի առաջին վեց ամիսներուն այդ թիւը 207,721 էր:
«Այս պահին Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկների թիւը մէկ տարուայ ընթացքում շուրջ 1.5 միլիոն է կազմում: Ստացւում է, 2050 թուականին 15 միլիոն զբօսաշրջիկ ունենալու համար Հայաստանը ոլորտի շուրջ 1000 տոկոսանոց աճ պէտք է գրանցի: Այսինքն՝ 30 տոկոս աճ՝ իւրաքանչիւր տարուայ կտրուածքով: Սա այն դէպքում, երբ վերջին տարիներին զբօսաշրջութեան ոլորտի տարեկան աճը նոյնիսկ 20 տոկոս չի կազմում: Օրինակ՝ այս տարուայ առաջին կիսամեակում ոլորտի աճը 12.8 տոկոս է կազմել», կը գրէ թերթը:
«Ֆաքթոր»ը այս մասին զրուցեց տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանի հետ, որ 30 տարի ետք 15 միլիոն զբօսաշրջիկ ունենալը իրատեսական չի նկատէր: «2017-2022 թուականների ընթացքում պլանաւորուած էր, որ զբօսաշրջութեան աճի տեմպը պէտք է 16 տոկոս կազմէր եւ 2022 թուականին մենք պէտք է 3 միլիոն զբօսաշրջիկ ունենայինք: Սակայն, 2018 թուականի ընթացքում մենք թերակատարել ենք զբօսաշրջութեան աճի տեմպը՝ մօտ 82 հազար զբօսաշրջիկի չափով, եւ, շարունակելով այս միտումը, այս տեմպը, վստահաբար կարող ենք ասել, որ 2050 թուականին մենք չենք ունենայ նախանշած 15 միլիոնը», նշեց Սուրէն Պարսեան:
Ըստ անոր՝ զբօսաշրջութեան ոլորտին վրայ ազդող գործօնները շատ են, հիմնականներէն է՝ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու առկայութիւնը: Օրինակ, ներկայ պահուն առկայ պանդոկներու համակարգը չի կրնար 1.5 միլիոնէն աւելի զբօսաշրջիկի սպասարկել։ «Այս պահի դրութեամբ մենք ունենք մօտ 300 հիւրանոց՝ իրենց մօտ 30 հազար մահճակալով: Եթէ ենթադրենք մի իրավիճակ, որ 356 օրերը զբաղուած օրեր են զբօսաշրջութեան համար, ապա այդ 30 հազար մահճակալները կարող են սպասարկել մօտ 1 մլն. զբօսաշրջիկի, եթէ հաշուի առնենք, որ 1 զբօսաշրջիկը Հայաստանում մօտաւորապէս 12 օր է մնում», ընդգծեց Պարսեան:
Տնտեսագէտը դիտել տուաւ, որ միջազգային վիճակագրութեան համաձայն, համաշխարհային ծախսերուն եւ ներդրումներուն շուրջ 10 տոկոսը զբօսաշրջութեան ոլորտին բաժին կ՛իյնայ: Մինչդեռ, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը Համախառն ներքին արտադրութեան 1.5-2 տոկոսը կը կազմէ: Ասոր պատճառները, Սուրէն Պարսեանի համաձայն, համապատասխան ենթակառուցուածքներու՝ պանդոկներու, բարեկարգուած ճամբաներու, երթեւեկի համակարգի, քաղաքային ու մարզային համայնքներու մաքրութեան բացակայութիւնն է եւ զբօսաշրջութեան արդիւնքի ոչ մրցունակ ըլլալը: Ան աւելցուց, որ երկար տարիներ վիճակը այդպէս եղած է ու կը շարունակուի մնալ։
«Իրականում, զբօսաշրջութեան ոլորտը մեր տնտեսութեան համար կարող է դառնալ կարեւոր ռազմավարական տնտեսական ճիւղ, բայց այս տեմպերով եւ այս քաղաքականութեամբ բնաւ չենք կարող 15 միլիոնի հասնել: Ողջունելի է, որ նախանշում ենք այդ թիւը, սակայն դրան հասնելու պայմաններ, ծրագրեր, ռազմավարութիւն առ այսօր չունենք», ըսաւ տնտեսագէտը:
«Տուրիզմի հայկական ֆեդերացիա»ի նախագահ Մեխակ Ապրեսեան զբօսաշրջութեան աճի պարագային կարեւոր կը նկատէ որակը, ոչ քանակը։ «Արդեօք դա շատ չէ՞, արդեօք դա մեզ պէ՞տք է: Միգուցէ աւելի լաւ է ունենանք 5 միլիոն զբօսաշրջիկ, որն ամէն այցելութեան ընթացքում 3000 դոլա՞ր կը ծախսի, քան 15 միլիոն՝ 1000 դոլար ծախսող: Այստեղ պէտք է անպայման մի սկզբունք որդեգրենք. Հայաստանը չպէտք է մասսայական զբօսաշրջութեան երկիր լինի: Մենք կայուն զբօսաշրջութիւն պէտք է ունենանք: Հայաստանը պէտք է լինի երանելի երկիր՝ ցանկացածի համար, որ գան՝ ե՛ւ ապրելու, եւ որպէս զբօսաշրջիկ: Նման սկզբունքներով առաջնորդուելով, մենք պէտք է մեզ համար այդ թիւը որոշենք», ըսաւ Մեխակ Ապրեսեան:
Մեխակ Ապրեսեան խօսեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման համար բաւարար ենթակառուցուածքներու առկայութեան մասին՝ դիտել տալով, որ ներկայ պայմանները չեն կրնար 15 միլիոն զբօսաշրջիկներու ծառայել։