ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Մանչեսթըրի մէջ հանդիպում ունեցաւ Անգլիոյ «Փրեմիըր Լիկ» 2018/19 մրցաշրջանի ախոյեան «Մանչեսթըր Սիթի» ֆութպոլի ակումբի նախագահ, աշխարհի ներդրումային մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Մուպատալա»ի ղեկավար Քալտուն Խալիֆա Ալ Մուպարաքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընկերութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարները եւ ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները։ «Մուպատալա» ներդրումային ընկերութեան հիմնական գործունէութիւնը կեդրոնացած է բարձր արհեստագիտութիւններու, հեռահաղորդակցութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան, անշարժ գոյքի, ենթակառուցուածքներու, կրթու-թեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ:
Քալտուն Խալիֆա Ալ Մուպարաք նախագահ Արմէն Սարգսեանին ներկայացուց նաեւ «The City Football Group» ընկերութեան գործունէութիւնը, որուն կը պատկանի անգլիական «Մանչեսթըր Սիթի» ակումբը: Այս պարունակին մէջ քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման վերաբերող ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շրջագայեցաւ «Մանչեսթըր Սիթի»ի ակադեմիոյ մէջ, ծանօթացաւ ակումբի զանազան տարիքային խումբերու մարզական ծրագիրներուն: Քալտուն Խալիֆա Ալ Մուպարաքի հրաւէրով, նախագահ Սարգսեան դիտեց անգլիական «Փրեմիըր Լիկ»ի «Մանչեսթըր Սիթի»-«Թոթենհամ» խաղը: