ԱՆԹԻԼԻՍ.- Շաբաթ, 17 Օգոստոսի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Պատարագը մատուցեց Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ անոր երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը թափօրով Ս. խորան բարձրացաւ եւ հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն համաձայն՝ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը եւ ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը:
Մատաղի օրհնութենէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը:
Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնեց, որ այս տարի կ՛ուզէ անդրադառնալ հայ ժողովուրդի կեանքին ու հզօրութեան ամէնէն զօրեղ հիմքերէն՝ ընտանիքին ու դպրոցին:
Խօսելով ընտանիքին մասին՝ վեհափառը ըսաւ, թէ 2004 տարին հայրապետական կոնդակով հռչակած էր «Հայ ընտանիքի տարի»։ «Սակայն մեզի համար ամէ՛ն տարի հայ ընտանիքի տարի է եւ աւելին՝ ամէ՛ն օր ու ամէ՛ն վայրկեան, որովհետեւ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբազան կառոյց է, որոշ իմաստով՝ եկեղեցի, դպրոց ու հայրենիք է: Վա՛յ մեզի, եթէ խախտի հայ ընտանիքի արժէքներու համակարգը եւ ապականի հայաբոյր մթնոլորտը: Այսօր, երբ համաշխարհային մշակոյթը, ապաբարոյ ու ապազգային արժէքները սկսած են թափանցել հայ ընտանիքին մէջ, այսօր, երբ ընկերային պայմաններու հետեւանքով խառն ամուսնութիւնները եւ ամուսնալուծումները սկսած են դառնալու բնական երեւոյթներ, առաւել քան երբեք մենք նախանձախնդիր ու խստապահանջ պէտք է ըլլանք հայ ընտանիքին նկատմամբ, որովհետեւ, երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, մեր ազգը ու հայրենիքը կը քայքայուին», ըսաւ վեհափառը:
Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այսպէս կոչուած «Իստանպուլի քոնվենցիա»ին շուրջ քննարկումներուն: Կնոջ նկատմամբ բռնութիւնները դատապարտող Եւրոպական խորհուրդի յիշեալ փաստաթուղթին մէջ վեհափառ հայրապետը դրական կէտեր նկատելով հանդերձ, նաեւ վտանգալից կէտեր տեսաւ հայ ընտանիքի արժէքներուն վերաբերեալ: Ան շեշտակի կերպով ըսաւ. «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի կամ անուղղակի վնասող որեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի նկատմամբ, մենք՝ իբրեւ կաթողիկոս, բացարձակապէս դէմ ենք»:
Իր հայրապետական պատգամին երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հայ դպրոցին եւ անոր առաքելութեան: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս հայ ընտանիքը, նոյնպէս ալ հայ դպրոցը որոշ իմաստով հայրենիք է ու եկեղեցի՝ իր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ: Հայ դպրոցը այս գիտակցութեամբ կը մօտենայ հայ աշակերտին եւ սպասելի է, որ նոյն ոգիով հայ ծնողքը մօտենայ հայ դպրոցին: Ապա, ան կոչ ուղղեց իրենց զաւակները օտար դպրոց առաջնորդող ծնողներուն՝ իրենց զաւակները յանձնելու հայ դպրոցին, որպէսզի հայաբոյր մթնոլորտի մէջ անոնք հայօրէն դաստիարակուին:
Վեհափառը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածինին բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան ամէն տեսակ փորձանքներէ, առողջութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ «գործոց բարեաց» յաջողութիւն, ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ:
Պատարագի աւարտին, ուխտաւոր ժողովուրդը հաղորդուեցաւ եւ ստացաւ օրհնուած մատաղը եւ աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը: