Օշականներու Ոտնահետքով Սերնդափոխութեան Մասին
Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, 23էն 25 Յուլիսին տեղի ունեցան սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած երկու ձեռնարկներ:
Առաջին ձեռնարկը նիստ մըն էր, որ մաս կը կազմէր Արդի լեզուի ընկերակցութեան միջազգային համաժողովին (Modern Language Association International Symposium):
Այս տարուան խորագիրն էր «Վերյիշելով կորսուած ձայներ»: Համաժողովը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մայրաքաղաքի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ: Գլխաւոր արծարծման նիւթն էր «Վերականգնելու մարդկութեան կորսուած ձայները»:
«Կայսրութիւն, ազգ, սփիւռք. հայեացք մը հայկական փորձառութենէն» խորագրեալ նիստը քննարկեց Յակոբ եւ Վահէ Օշականներուն գրական գործերը: Հայր եւ որդի Օշականներու ապրած կեանքը միասնաբար կը ծաւալի ամբողջ քսաներորդ դարու տեւողութեամբ: Իսկ գրական եւ քննադատական արտադրութիւնը կ՛արձանագրէ սահմանները կայսրական, ազգային եւ սփիւռքեան նախագիծերուն: Նիստը վերլուծեց երկու գրողներուն հետագիծերը, ինչպէս նաեւ անոնց ընդմէջէն տարածուող բարդ գրական կապակցութիւնները», բացման իր խօսքին մէջ Միշիկընի համալսարանի Հայագիտական բաժինէն Կարէն Ճալլաթեան, որ ստանձնած էր նստավարի պաշտօնը, շեշտեց կատարուածին առանձնայատկութիւնը: «Առաջին անգամն է որ Արդի լեզուի ընկերակցութեան նիստ կը գումարուի Յակոբ եւ Վահէ Օշականներուն մասին», ըսաւ Ճալլաթեան՝ շարունակելով. «Յոյս ունինք որ անիկա կը նպաստէ Օշականեան ուսումնասիրութիւններու առաջխաղացումին, բան մը որ իր հերթին պիտի առաջնորդէ նոր տեսանկիւններ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Սփիւռքի գրականութեան յատկանիշներուն եւ կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ կորուստին, վերապրումին եւ վերյիշումի մտածողութիւններուն մէջ»:
Առաջին զեկուցողը եղաւ Լոնտոնի «Քուին Մերի» համալսարանէն Նանոր Քէպրանեան: Ան ներածական իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն անտեսանելիութեան, որուն դատապարտուած է Սփիւռքի հայերէն գրականութիւնը ամերիկեան համալսարանական աշխարհին մէջ: Նման անտեսանելիութիւն բնական երեւոյթ է, որովհետեւ անիկա դուրս է յետ-գաղութատիրական, յետ-օսմանեան, Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ ցեղային եւ տարածաշրջանային ուսմանց սահմաններէն: Քէպրանեան ապա մեկնաբանեց Յակոբ Օշականի գրականութիւնը՝ իբրեւ համակերպուելու մերժում:
Կարէն Ճալլաթեան առաջարկեց ընթերցում մը Վահէ Օշականի «Հրուանդան» անաւարտ եւ անտիպ պատմական վիպաշարէն՝ յայտնելով, թէ ան ինչպէս վերստին կը գրէ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»ը՝ սփիւռքեան ենթահողէն մեկնած: Հեղինակը այսպէսով կ՛ընծայէ հազուադէպ տեսանկիւն մը հայ ժողովուրդի կայսրութենէն ազգ եւ ազգէ ալ Սփիւռք անցումները բնորոշելու առումը:
Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Յակոբ Կիւլիւճեան ներկայացուց երրորդ զեկոյցը՝ փորձարկելով բաղտադական ընթերցում մը՝ Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Վահէ Օշականի բանարուեստներուն միջեւ:
Պոսթընի համալսարանէն Թալին Ոսկերիչեան եզրափակիչ ելոյթը ունեցաւ՝ խորհրդածելով Վահէ Օշականի հայերէն սփիւռքեան գրականութիւնը: Ան վերլուծեց հեղինակին 1962ին արտայայտած «Մեծ հօրդ գերեզմանաքարին վրայ «փոքեր» պիտի խաղաս, եթէ գրող ես» խօսքը: Այսպիսով, Ոսկերիչեան ուշադրութիւն դարձուց գրականութեան մէջ վտանգին ընդառաջ երթալու արարքին բազմաշերտութեանը, որ կը յատկանշէ այն, ինչը Վահէ Օշական կոչած էր «Սփիւռքի զգայնութիւն»:
Սոյն նիստը իրականացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին օժանդակութեանբ:
26 Յուլիսին, «Արդի լեզուի ընկերակցութեան» համաժողովին անմիջական կապակցութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը իր պատերուն մէջ ցուցադրեց Հրայր Անմահունիի «Վահէ Օշական. Միջնարար» փորձառարական վաւերագրական ժապաւէնը: Անիկա ցուցադրուած է նաեւ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Միրզոյեան գրադարանին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ Քալիֆորնիոյ համալասարանի եւ «Ապրիլ» գրատան, Փարիզի մէջ՝ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հաստատութեան, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Համազգայինի մասնաճիւղին մէջ:
Շարժապատկերը կը մէկտեղէ քաղուածքներ Վահէ Օշականի բանաստեղծութենէն Օհաննէս Սալիպեանի կողմէ կատարուած անոնց ելեկտրոնական ձայնագրութիւնները Մարկ Նշանեանէն, Գրիգոր Պըլտեանէն, Գրիգոր Շահինեանէն, նոյնիսկ Օշականի վերլուծութիւններէն: Արդիւնքը գրաւիչ եւ տեղեկատուական գործ է՝ հարուստ համադրութիւն լեզուի, պատկերի, ձայնի, քննողական ակնարկի եւ կենսագրական պատումի: «Այստեղ եւս ունինք քանի մը նշանակալի որակներ», նկատեց Ոսկերիչեան, որ շարժապատկերին՝ ներառեալ բանաստեղծական կտորներուն թարգմանիչն է: «Գործը ամբողջութեամբ արեւմտահայերէն է, արդի հայ գրողի մը մասին, որ գրած է հայերէն: Ասիկա հազուադէպ երեւոյթ է Սփիւռքի մշակոյթին մէջ: Ալ աւելի հազուադէպ է այն բանը, որ անիկա փորձառարական վաւերագրութիւն է՝ պատկերով եւ ձայնով, որուն տունը արեւմտահայերէն է», ըսաւ ան:
Հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, զոր վարեց Յակոբ Կիւլիւճեան:
Մտաւորական եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեան, որ երկար անդրադարձած է Յակոբ եւ Վահէ Օշականներու գործերուն, պատուեց ներկաները եզրափակիչ ակնարկով:
«Վահէ Օշական. Միջնարար»ը ի սկզբանէ պատուիրուած է Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան արեւմտեան տարածաշրջանին կողմէ եւ աւարտին հասցուած է 2016ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն ստացուած առատաձեռն օժանդակութեան շնորհիւ:
«ԱԿՕՍ»