ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 22 Օգոստոսին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը «մեր օրակարգի մշտական հարց է»:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը վերջերս զգալիօրէն աշխուժացած է:
«Թրամփի հետ հանդիպում չենք ունեցել, բայց դրանից մեր երկխօսութիւնը Միացեալ Նահանգների հետ չի նուազել, շատ աւելի ակտիւացել (աշխուժացած-Խմբ.) է: Շատ բարձր մակարդակի է: Միացեալ Նահանգները իւրայատուկ համակարգ է իր բարդ կառուցուածքով, եւ երբ պահը կը լինի Թրամփի հետ հանդիպման, դա օրակարգում կայ, կը լինի», եզրակացուց Մնացականեան։