ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գայլը իր բնորոշ յատկութիւններով բոլորիս ծանօթ գազան մըն է: Միշտ ըսած եմ, կրկնելու գնով ալ պիտի յիշեցնեմ, որ անոր անասնական, բնազդային կեանքի բառարանին մէջ գոյութիւն չունի «ներում» բառը: Ատիկա բարոյական աշխարհի, երբեմն բանական նկատուող էակներուն յատուկ բառ մըն է, որ դարձեալ իր բարձրութեան վրայ չի՛ գտնուիր: Մարդիկ երբեմն աւելի աններող են, քան գայլ մը, որուն ձեռքէն պատահաբար մէկը կրնայ փախուստ տալ, պահուըտելով անտառին մէկ մութ անկիւնը, այս կամ այն աննկատելի խոռոչին մէջ: Սակայն գազանացեալ մարդուն ձեռքէն խոյս տալը բաւական դժուար է:
Գայլը դարձի բերելու փորձեր շատ կատարուած են, յատկապէս կենդանիներու պաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք նորածին գայլերը դաստիարակելու եւ զանոնք կրկէսներու մէջ դերեր ստանձնելու կը նախապատրաստեն: Իր տան մէջ գայլ պահող եւ զայն ձագ ժամանակէն իրեն վարժեցնող մարդ ալ կայ, որ դեռ կը յուսայ գայլին մէջէն յօշոտելու բնազդը չէզոքացնել:
Կրկէսային ելոյթներու ընթացքին ինչքան ալ կուշտ պահուած կամ ծեծի վախով դաստիարակուած ըլլան զանազան խաղերով ու դերերով հանդէս եկող գայլերը, դարձեալ զանոնք վարժեցնողները զգուշութիւն ձեռք կ՛առնեն, որ գայլերուն ուշադրութիւնը հեռացնեն հանդիսատեսներէն: Աւելին, կրկէսի բեմը պատրաստող ընկերութիւնը երբ ուսումնասիրէ ելոյթ ունենալիք կենդանատեսակներու ցուցակը, գազաններու ելոյթներուն համար յատուկ ցանց մը կը նախատեսէ, որպէսզի որեւէ փորձանք չպատահի հանդիսատեսին: Վերջին հաշուով վարժեցնողներն ու կրկէսի պատասխանատուներն ալ շատ լաւ գիտեն, որ գայլը՝ գայլ է, փիղը՝ փիղ, շունը՝ շուն: Իւրաքանչիւրին հաշիւը տարբեր է միւսէն, ուստի տարբեր մօտեցում պէտք է ցուցաբերել իւրաքանչիւր տեսակի ելոյթին:
Մարդու գազանային բնութեան մասին եթէ բաւարար չեն ներկայ ժամանակներուն անոր կիրարկած վայրագութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, զանազան պատճառներով, ուրեմն պէտք է բանալ անցեալ դարերու պատմութեան էջերը, կիսաքաղաքակիրթ, կամ լաւ եւս կիսավայրենի մարդոց գործադրած անտանելի տանջանքներուն մասին գաղափար ունենալու համար: Այնտեղ պիտի կարդանք մարդ էակին հնարած չարչարանաց գործիքներու մասին, որոնք բոլորն ալ նախապէս մտածուած ու ծրագրուած ձեւեր են, աւելի՛ ցաւալից դարձնելու համար նմանին կրած տանջանքը:
Խիղճին ներկայութիւնը մարդու էութեան մէջ կը նմանցուի Աստուծոյ ներկայութեան, իսկ անոր բացակութիւնը՝ Անոր բացակայութեան: Խիղճին վրայ «քար դնել»ու կարողութիւնը ամէն մարդու տրուած չէ: Բռնակալներ եւս յաճախ փորձած են ընել ատիկա, սակայն յետոյ տառապած են հոգեպէս կամ խելագարած: Դահիճներու հրահանգ տալէ ետք, անոնցմէ շատեր զղջացած են, իսկ երբեմն ալ դահիճները իրե՛նք հակառակած են բռնաւորին, ու հրաժարած անոր հրահանգը գործադրելէ…: Ուրեմն, տեղ մը մարդկային խիղճը մարդէն անկախաբար կը գործէ, տիեզերական Ուժէն ստանալով իր հրահանգը, ճիշդ կողմնորոշում տալով չարիք գործելու նախապատրաստուած մարդուն:
Հիները կ՛ըսէին. ինչքան ապրիս, այդքան աւելի շատ տեսակի մարդոց կը հանդիպիս: Անշուշտ այստեղ ակնարկուած «տեսակ»ը մորթի գոյնին կամ ցեղային երկար կամ կարճ հասակին չի՛ վերաբերիր, ո՛չ ալ քիթի կամ աչք ու յօնքի արտաքին ձեւերուն: «Տեսակ»ը այստեղ նկարագրային գիծերն են, բնաւորութեան յատկութիւններն են, մարդկային բնորոշ յատկանիշներն են:
Ընդհանուր ազգաց պատմութեան մասնագէտներ այնքան մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով տարբեր ազգերու ինքնութիւնը, անոնց կազմաւորման բնակավայրերն ու ապրած կեանքի իւրայատկութիւնները, իւրաքանչիւր ազգի համար կը նշեն բնորոշ յատկանիշներ, փոխյարաբերական կեանքի տարբեր մակարդակներու վրայ զետեղելով անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Այսպէս՝ յարձակողապաշտ, ծաւալապաշտ ազգեր, ռազմական յատուկ շունչով դաստիարակուած են իրենց ցեղային կազմաւորման ժամանակաշրջանին: Այլ ազգեր՝ խաղաղասէր ու հանդարտաբարոյ են, որոնք իրենց ցեղային կազմաւորումը ստացած են բարի դրացնութեան պայմաններու տակ, անասնապահութեան եւ հողամշակութեան բարգաւաճ կեանքի փորձառութեամբ ծանօթ: Այսպէս շարունակաբար պատմաբաններ եւ ընկերաբաններ կը ներկայացնեն աշխարհի տարբեր ազգերու նկարագրային պատկերը՝ ընդհանուր գիծերու մէջ:
Իւրաքանչիւր ազգի մէջ ալ կան լաւ ու վատ մարդիկ: Ընկերաբաններու կատարածը, ինչպէս շեշտեցի, ընդհանուր գիծերու մէջ պատկերացում տալ է իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ յատկանիշներուն մասին: Վստահաբար եղած են պարագաներ, երբ մարդիկ իրենց բնաւորութիւնը փոխած են, սակայն գայլը իր բնութիւնը չի՛ փոխեր:
Եկէք անտառ մտնենք առանց վախի եւ վստահ ըլլանք որ գայլը իր բնութիւնը պիտի փոխէ ու խղճայ մեզի, թողելով որ ազատ շրջագայինք եւ անվտանգ դուրս գանք այնտեղէն: Միթէ՞ կարելի է…:
Գայլը իր բնութիւնը չի՛ փոխեր: Մենք կրնանք իրեն նայիլ բարի աչքերով, սակայն անոր աչքերուն մէջ երեւցող բացայայտ կատաղութիւնը պիտի վախցնէ մեզի: Ոմանք այսքանը գիտնալով հանդերձ, դեռ կը փորձեն Աւետարան կարդալ անոր գլխուն, դարձի բերելու համար զայն:
Աւետարանի զօրութեան կը հաւատանք եւ պէտք է հաւատանք: Բայց մինչեւ գայլը խօսիլ սորվի, յետոյ փորձէ կարդալ սորվիլ ու մանաւանդ հասկնալ իր կարդացածը, «բանը բանէն անցած կ՛ըլլայ», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը:
Կը պատմուի որ գիւղի մը մէջ կը յաջողին գայլ մը բռնել, եւ բոլորին տեսակէտը այն կ՛ըլլայ, որ եթէ գիւղի քահանան Աւետարան կարդայ անոր գլխուն, գայլը պիտի փոխէ իր բնութիւնը ու խելօքնալով իրենց հետ գիւղին մէջ ապրի խաղաղ ու երջանիկ: Գայլը կը համաձայնի եւ արարողութիւնը կը սկսի: Բոլոր բնակիչները գիւղին հրապարակը կը հաւաքուին: Տէր հայրը շուրջառ հագած, խնկեղինօք եւ մոմեղինօք կը բարձրանայ յատկապէս յարդարուած բեմը, իր չորս թաթերուն վրայ հանգիստ կանգնած գայլին կը մօտենայ ու հանդիսաւոր արարողութիւնը կը սկսի: Քահանան կը բանայ իր հետ բերած թաւշեայ կազմով եւ արծաթազարդ նախշերով Աւետարանը, ճիշդ այնտեղը՝ ուր Յիսուս խաղաղասիրութեան մասին կը քարոզէ իր հետեւորդներուն: Ընթերցանութեան պահուն, գայլը իր սուր աչքերով կը զննէ շրջապատի անցուդարձը: Ան կը տեսնէ գիւղացիները, անոնց երեխաները, մէկ խօսքով համայնքը, բոլորը, որոնք ուրախութեամբ կը հետեւէին իր «դարձի» անօրինակ հանդիսութեան: Զարմանալիօրէն այս հանդիսութեան չեն մասնակցիր գիւղին անասունները: Մէկ ոչխար միայն կորսնցուցած ըլլալով իր հօտի ընկերները, շուարած վիճակով ու մայելով կը վազէ դէպի իր փարախը: Գայլը նշմարելով զայն, յանկարծ կ՛ընդհատէ արդէն երկարած աւետարանական ընթերցումը, ըսելով.
– Տէր Հայր, վերջացո՛ւր ալ, ոչխարը փախաւ:
Անյոյս պարագայ է ուրեմն, գայլը դարձի բերելու որեւէ փորձ: Անոր ինկած բաժինը վայրենութիւնն է, որուն զոհ պիտի երթան բարիներ: