
ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին պատկանող տեղական «Պըրպենք Լիտըր» թերթը անդրադարձաւ 2019-2020 կրթական տարեշրջանի Պըրպենքի հանրային երկրորդական վարժարանի ամերիկեան ֆութպոլի խումբին, յատուկ տեղ յատկացնելով անոր նոր «քորթըրպեք»ին՝ Արամ Արարատեանի (11րդ դասարան) յատկանշական իրագործումներուն։
Թերթին լրագրող Ճեֆ Թալի կը գրէ, թէ »Ռեմպօ« ծածկանունով ծանօթ Արամը յատկանշական ջանք թափած է անցեալ տարեշրջանին, խումբը 2րդ »քորթըրպեք«ի դիրքէն բարձրացնելով գլխաւոր »քորթըրպեք«ի դիրքին։
Խումբին մարզիչը՝ Էտըմ Քոլմեն կը յայտնէ, թէ Արամը ամէն առիթ օգտագործած է սորվելու համար նախորդ գլխաւոր »քորթըրպեք«էն, որուն հետ մօտիկ կապեր ունի։ Ան կը յայտնէ, թէ Արամէն աւելի նուիրեալ աշխատող դժուար կը գտնուի՝ պնդելով, որ ան »ֆութպոլով կ՛ապրի եւ կը շնչէ«։
»Խումբին բոլոր անդամները լրջօրէն կը հետեւին մարզումներուն, պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին։ Պատրաստ եմ լաւագոյնս տալու՝ խումբին յաղթանակներ ապահովելու համար«, կը յայտնէ Արամ Արարատեան։
Խումբին մաս կազմող այլ հայ աշակերտներէն են՝ Ռուբէն Պաղտասարեան, Տենի Յակոբեան եւ Ռընէ Ամիրեան։ Նշենք, որ Արամ Արարատեան թոռնիկն է »Ասպարէզ«ի երկարամեայ երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեանին։