
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 3 Սեպտեմբերին իր մասնակցութիւնը բերաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող թրքական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին, որուն նպատակն էր դատապարտել Վանի, Տիգրանակերտի եւ Մարտինի ժողովրադավարականօրէն ընտրուած քիւրտ քաղաքապետները պաշտօնազրկելու Անգարայի կամայական որոշումը, միաժամանակ պահանջելով, որ քաղաքապետները անմիջապէս վերստանձնեն իրենց պաշտօնները։
Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Քիւրտիստանի ամերիկեան յանձնախումբին կողմէ։
Յիշեցնենք, որ նշեալ քաղաքապետները անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, որուն Տիգրանակերտէն ընտրուած պատգամաւորներէն մէկն է հայազգի Կարօ Փայլան։
«Պիտի շարունակենք գործակցիլ ամերիկացի քիւրտ մեր դաշնակիցներուն հետ, ժողովրդավար Թուրքիա մը մէջտեղ բերելու նպատակով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ նշեալ երեք քաղաքները Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ մեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունէին։