
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վազգէն Սարգսեանի անուան »Հանրապետական« մարզադաշտին մէջ, 5 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ հաւաքականներուն միջեւ ճակատումը՝ 2020ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու ծիրին մէջ։
10րդ խմբակի 5րդ հանգրուանի այս մրցումին, Հայաստան 1-3 արդիւնքով (կիսախաղ 1-1) պարտութիւն մը կրեց, յաջորդական երկու յաղթանակներ արձանագրելէ ետք Լիխթընշթայնի եւ Յունաստանի դէմ։
Մրցումին անդրանիկ կօլը 11րդ վայրկեանին նշանակեց Ալեքսանդր Կարապետեան, Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումին շնորհիւ։
Սակայն, 28րդ վայրկեանին Անտրէա Պելոթի հաշիւը հաւասարեցուց:
Հայաստանի հաւաքականին վիճակը վատթարացաւ կիսախաղէն անմիջապէս առաջ, երբ Ալեքսանդր Կարապետեան երկրորդ դեղին քարտը ստանալով՝ հեռացուեցաւ խաղադաշտէն:
Հայրենի մարզիկներ երկրորդ կիսախաղի մինչեւ 77րդ վայրկեանը կրցան յաջողութեամբ դէմ դնել իտալացիներու յարձակումներուն, սակայն 78րդ եւ 80րդ վայերկեաններուն երկու կօլեր ստացան։
Նշենք, որ Իտալիա ցարդ իր կատարած 5 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի հաւաքականը խաղադաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Արամ Հայրապետեան, Անդրէ Կալիսիր, Վարազդատ Յարոյեան, Արտակ Գրիգորեան, Կառլեն Մկրտչեան, Գէորգ Ղազարեան, Տիգրան Բարսեղեան, Կամօ Յովհաննիսեան, Հենրիկ Մխիթարեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Ալեքսանդր Կարապետեան:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Պոսնիոյ հաւաքականին դէմ, Երեւանի մէջ, 8 Սեպտեմբերին։ Երթի մրցումին Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Պոսնիոյ մէջ։