
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ տարեկան ուխտագնացութիւնը՝ Խաչվերացի տաղաւարի տօնին առթիւ:
Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան արտօնութեամբ, տարին միայն մէկ անգամ կրօնական արարողութիւն կը կատարուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Խաչվերացի տօնին առթիւ:
Թուրք-քիւրտ զինեալ հակամարտութիւններու պատճառով, արարողութիւններ չէին կատարուած 2015ի եւ 2018ի միջեւ: Արարողութիւնները վերսկսած էին 2018ին:
Այս տարուան արարողութեանց պիտի նախագահէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան, իր կողքին ունենալով լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներէ ու երգչախումբի անդամներէ բաղկացող 22 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Վանի կուսակալ Մեհմետ Էմին Պիլմեզ այս առթիւ յայտարարութիւններ կատարեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան եւ յայտնեց, թէ Աղթամար կղզին քաղաքի եւ տարածաշրջանի կարեւորագոյն արժէքներէն մէկն է: Ան շեշտեց, թէ տաճարը այն հազուագիւտ աղօթավայրերէն մէկն է, որ կը պահպանուի իր բնական վիճակով: «Աղթամար կղզին թէ՛ մեր քաղաքին, թէ՛ մեր երկրին եւ թէ մարդկութեան համար կարեւոր արժէք մըն է: Մեր նախահայրերը կարեւորութիւն ընծայած են բոլոր կրօնքներուն, ջանացած են պահպանել բոլոր աղօթավայրերը: Աղթամարի տաճարն ալ կը պահպանենք այս ծիրին մէջ եւ առիթ կու տանք, որ հետաքրքիր մարդիկ այստեղ իրենց պաշտամունքը կատարեն»:
Պիլմեզ յիշեցուց, որ անցեալ տարի կատարուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ 30 քլմ. երկարութեամբ ջրմուղ խողովակներ տեղադրուած են լիճին յատակը եւ կղզին օժտուած է ջուրով: «Արարողութեան համար պէտք եղած միջոցառումները կատարուած են: Բոլոր կրօնքները պատմութեան ընթացքին եղբայրաբար ապրեցան Անատոլուի մէջ: Այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Բնութեան եւ պատմութեան սիրահարները կը սպասենք Աղթամար, Վան», ըսաւ Պիլմեզ:
Վասպուրականի Գագիկ Ա. Արծրունիի գահակալութեան տարիներուն (915-921) Մանուէլ ճարտարապետին կողմէ կառուցուած տաճարը յատուկ կարեւորութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար: Արարողութեան առթիւ կ՛ակնկալուի Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն այցելուներու յատկանշական հոսք: