
Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել, որ Ռուսական VK ընկերային ցանցին վրայ «Ասպարէզ»ի անունով ու լոկոյով էջ մը ստեղծուած է, որ բոլորովին կեղծ է եւ որեւէ կապ կամ առնչութիւն չունի մեր հաստատութեան հետ:
«Ասպարէզ»ը այս կամ այլ ռուսական ընկերային ցանցի վրայ էջ չունի եւ ոչ ալ որեւէ հրատարակութիւն՝ ռուսերէնով: Առ այդ, մեր յարգելի ընթերցողներէն կը խնդրենք չտարածել այդ էջին վրայ հրապարակուած լուրերը: