
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նիւ Եորքի եւ այլ քաղաքներու մէջ, 11 Սեպտեմբերին գործուած ահաբեկչական ծանօթ արարքներուն 18րդ տարեդարձէն օր մը առաջ, նախագահ Թրամփ յայտարարեց, թէ պաշտօնէն ազատ կացուցած է ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթընը, որ այս պաշտօնէն Թրամփի կողմէ դուրս դրուողներուն երրորդն է ու ամէնէն ականաւորը, շնորհիւ իր… տխրահռչակ վաստակին։
Նախագահին որոշումին հրապարակումէն ետք, տեղեկատուական ու մեկնաբանութիւններու փոթորիկ մը շղթայազերծուեցաւ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ աշխարհի լայնքին-երկայնքին, նկատի ունենալով, որ Պոլթընի անունը աղերսակից է Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան բոլոր տաք եւ ոչ-տաք կէտերուն։ Մեկնաբանութիւններուն գլխաւոր առանցքը այն էր, որ Թրամփ իր աշխատակազմէն կը հեռացնէ (թէեւ Պոլթըն կը պնդէ որ ի՛նք հրաժարած է) պատերազմասէր ծայրայեղական մը, որուն »մատը դպած է« Իրաքի, Աֆղանիստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Եմէնի, Վենեզուելայի եւ շարք մը այլ ժամանակակից տագնապներու. ան չէ ծածկած, թէ կը նախընտրէ հարցերը ռումբերու »բանալի«ով լուծել, ինչ որ մեկնաբաններու յարատեւօրէն առիթ տուած է նշելու, որ ան… զէնքի ճարտարարուեստի մարդոց դրածոն է իշխանութեան մէջ, մարդիկ՝ որոնց համար ուրիշներու կեանքերն ու ստացուածքները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, նիւթական շահու համար կը հետեւին »աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ« տրամաբանութեան, նսեմացնելով պատմութեան բոլոր Մաքիաւելլիները…
Հազուադէպ միաձայնութիւն մը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, թէ Թրամփ Սպիտակ Տուն մտնելէն ասդին հազուադէպ ճիշդ քայլ մը առած է եւ կը փորձէ բարձրացնել իր վարկը, աչքերը սեւեռած՝ յառաջիկայ տարուան ընտրապայքարին, որովհետեւ դեմոկրատ մրցակիցներուն կողքին, սկսած է իր դիմաց գտնել նաեւ հանրապետական ախոյեաններ։
***
Եթէ փորձենք մեր գլուխները վեր պահել ստեղծուած մեկնաբանութիւններուն ու դրական-բացասական գնահատականներու ալիքներէն, դժուարութիւն չենք ունենար տեսնելու, որ այդ հոսանքները մեծ մասամբ թափ կ՛առնեն շուտիկ մօտեցումէ մը։ Ճիշդ է, որ անհատներ, այն ալ՝ Պոլթընի պէս դէմքեր (Չէյնի, Ռամսֆելտ ու նմաններ հիմա լուսանցքի վրայ են) կրնան որոշ ազդեցութիւն ունենալ դէպքերու ընթացքին վրայ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ պետութեանց քաղաքական ընթացքը անհատներով չէ պայմանաւորուած. արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ, որ յամենայնդէպս կը նկատուէր Պոլթընի վարքագիծին հակադրուողներէն մէկը (չենք ուզեր տեղ տալ անոր որակին մասին այլազան մեկնաբանութիւններուն), բացայայտ դարձուց, որ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մէջ շրջադարձ պէտք չէ սպասել։

Թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր ան՝ ըստ բաւականին յստակ է, ու այդ յստակացումը որոշ չափով պաղ ջուր կը լեցնէ բոլոր այն լաւատեսներուն գլխուն, որոնք Պոլթընի մեկնումին մէջ կը տեսնեն աւելի խաղաղասէր եւ հանդուրժողականութեան հակամէտ Ուաշինկթընի մը երեւումը։ Եւ սա դժբախտութիւն մըն է ինքնին։ Փաստօրէն, Թրամփի վարչամեքենան ցարդ առաւելաբար ցուցաբերած է տագնապներու խորացման հետամտութիւն, ներքին հարցերու լուծման ուղղութեամբ ընդհանրապէս անբարեհաճ տրամադրութիւններ, աշխարհի միւս մեծերուն հետ ճակատումի մթնոլորտը դէպի վատթարացում տանող ընթացք, մինչեւ իսկ դաշնակիցներու եւ բարեկամներու հանդէպ անհանդուրժողութիւն, եւ այս բոլորը՝ «Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնելու» նշանախօսքով։
Մեկնաբաններու աչքերը հազուադէպօրէն փորձ կը կատարեն թափանցելու երեւցող պատկերներուն խորքը, տեսնելու եւ ցոյց տալու համար, որ իրական մրցակցութիւնները երեւցող անհատներու եւ երկիրներու միջեւ չեն, այլ զանոնք իրենց կամքին ու հակակշիռին ենթակայ դարձուցած՝ »աներեւոյթ ձեռքերու« միջեւ. անոնք »ինքնութիւն« չունին. զանոնք խօլ մրցավազքի մատնողը շահն է ու… վերջակէտ։ Վաղը, Պոլթընի յաջորդելիք անձնաւորութիւնն ալ կրնայ հակադիր մեկնաբանութիւններու նիւթ դառնալ, ինչպէս եղաւ Պոլթընի նշանակման օրերուն (ուշացած-ժամանցուած մեկնաբանութիւն մըն ալ այն էր, որ Թրամփ ի սկզբանէ պէտք չէ նշանակած ըլլար Պոլթընը)։ Հրաժարած-հրաժարեցուած խորհրդականին տեղ նորի մը նշանակումը կրնայ ըլլալ նոյն տրամաբանութեամբ, ի հարկին՝ քաղաքական գերեզմանէ դուրս բերելով »մոռցուած« մէկը. չէ՞ որ վարկաբեկուած »զինավաճառ« Օլիվըր Նորթ օր մըն ալ լուսանցքէն դուրս քաշուեցաւ եւ առօք-փառօք քաղաքական աշխարհ վերադարձաւ…