
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 12 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն մեկնարկը տուաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ազգային միասնական օրակարգ ձեւաւորելու բանակցութիւններուն, որոնց ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան խօսեցաւ միասնական օրակարգ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին՝ անդրադառնալով այդ ուղղութեամբ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն ու մօտեցումներուն:

Ողջունելով նախաձեռնութիւնը, Պարգեւ արքեպիսկոպոսը մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ տիրող հանրային մթնոլորտին մէջ ձեւաւորուած բեւեռացումէն, որ, սրբազանին համաձայն, կրնայ պատճառ դառնալ բացասական հետեւանքներու:
«Թող Աստուած օրհնի ազգանուէր այս առաքելութիւնը», ըսաւ Պարգեւ արքեպիսոկոպոսը:
Իր կարգին, Դաւիթ Իշխանեան վստահեցուց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, խորապէս գիտակցելով ազգային միասնութեան կարեւորութեան, իր ուսերուն առած է քաղաքական ուժերուն հետ բանակցութիւններ ծաւալելու ծանր պատասխանատուութիւնը, եւ վստահ է, որ անիկա պիտի պսակուի յաջողութեամբ:
Ապա քննարկուեցան Դաշնակցութեան կողմէ առաջարկուած օրակարգի հիմնադրոյթները: