
ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՐԹՆ
(Ծնեալ՝ Սեպտ. 16, 1934, Աբադան, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր, աներորդիին, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Մարտիկ Մարթնի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019ին, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Recessional մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Քոյրը՝ Վիօլէթ եւ Բաբգէն Ասատուրեան
Քրոջ զաւակը՝ Շանթ եւ Արթինէ Ասատուրեան եւ դուստրերը՝ Թարա եւ Էմմա
Քրոջ դուստրը՝ Մարալ Ասատուրեան
Եւ համայն Մարթն, Օվաննեսոֆ, Սարգիսեան, Ասատուրեան, Իսքէնտէրեան, Վարդանեան, Սերոբեան, Հայրապետեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ (AYAC, 1811 S. Glendale Ave., Glendale)
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին։