
ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԽՆԴՐԵՑ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը 16 Սեպեմբեր թուակիր յայտարարութեամբ մը դատապարտեց 8 Սեպտեմբերին, «Ռոյըլ Քենյըն» սեփականատէրերու միութեան մէկ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցած տգեղ միջադէպը։
Արդարեւ, նշեալ ձեռնարկին ընթացքին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանէն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանէն պահանջուած է հեռանալ, որովհետեւ ձեռնարկը «քաղաքական բնոյթ չունի» եւ «միայն միութեան անդամներ»ուն համար է։
«Քաղաքապետական խորհուրդի հայկական արմատներով երկու հայ անդամներուն ցուցաբերուած վերաբերմունքը առնուազն անարգական է, եթէ ոչ՝ խտրական։ Նման մօտեցում մտահոգիչ պէտք է ըլլայ քաղաքի ոեւէ բնակիչի եւ յատկապէս ընտրեալ պաշտօնատարի մը նկատմամբ։ Խտրական ուղղակի կամ անուղղակի քայլերը անընդունելի են», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Շեշտելով քաղաքի բոլոր բնակիչներուն մէջ համերաշխութեան յոյժ կարեւրութիւնը, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը »Ռոյըլ Քենյըն« սեփականատէրներու միութենէն կը պահանջէ յստակացնել վերոյիշեալ վերաբերմունքին տուն տուող պատճառները եւ հարցին շինիչ լուծում մը գտնել։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ հանդիպում մը պահանջած է «Ռոյըլ Քէնյըն» սեփականատէրներու միութեան վարչութեան հետ, քննարկելու համար այս հարցը։
Սեպտեմբեր 17ի յետմիջօրէին, միութեան վարչութիւնը ներողուիւն խնդրեց եւ ցաւ յայտնեց «այս չծրագրուած են ցաւալի միջադէպին համար», խոսաբալով վերատեսութեան ենթարկել իր օրէնքերը, նման միջադէպերու առաջը առնելու համար։