
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի երկար տարիներու քարտուղար Արտաշէս «Արտի» Քասախեան կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է իր թեկնածութիւնը դնել յառաջիկայ տարուան Մարտին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն։
Քասախեան համոզուած է, որ Կլենտէյլի քաղաքական կեանքին մէջ իր ունեցած երկարատեւ փորձառութեամբ պիտի կարենայ նպաստել քաղաքին բարգաւաճման եւ կը խոստանայ ընտրապայքարին ու ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել յառաջիկայ ամիսներուն։ Քասախեանի ընտրապայքարի համացանցային կայքի հասցէն է՝ ardykassakhian.com։
Նշենք, որ Քասախեան 2005էն ի վեր Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարն է։